Երէկ յետմիջօրէին աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան հասաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Այցելութեան առաջին օրը` երէկ երեկոյեան, ան այցելեց Այնճար եւ ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» ակումբին մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան ընկերներուն հետ:
Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Ալպեր Պալապանեան եւ Արմէն Թաշճեան:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան զեկուցեց համահայկական աշխատանքներու, Հայ դատի յանձնախումբերու գործունէութեան եւ Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին:
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ընկերները իրենց կարգին ներկաներուն զեկուցեցին Այնճարի իրավիճակին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ ընդհանրապէս Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութեան մասին:
aztagdaily.com