Երեքշաթբի, 10 Դեկտեմբեր 2019-ին Սուրիոյ Հանրապետութեան Մուֆթի տոքթ. Ահմետ Պետրըտտին Հասուն պատուիրակութեան մը հետ այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հետ:
Այս այցելութիւնը վերջին վեց ամսուան ընթացքին Հանրապետութեան Մուֆթիին Ազգ. Առաջնորդարան երկրորդ այցելութիւնն էր, որ ընթացաւ ջերմ մթոլորտի մէջ:
Մուֆթին բարձրօրէն գնահատեց Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս տարուող բազմաբնոյթ աշխատանքները, համայնքի զաւակներուն այլազան ոլորտներու մէջ վերակառուցման աշխատանքներու մղելու թեմին ծրագիրը:
Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց մուֆթիին այցելութեան համար, ապա ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնը փոխանցեց անոր:
Կողմերը զրուցեցին կրօններու երկխօսութեան, գործակցութեան եւ յարաբերութիւններու ամրապնդման մասին:
Իր կարգին, Հանրապետութեան Մուֆթին անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Նորին Սրբութեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմին հետ սերտ յարաբերութիւններուն:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի ներկայացուցիչները: