«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ողջունեց Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանող Ծերակոյտին թիւ 2641 բանաձեւին վաւերացումը՝ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ, որ տեղի ունեցաւ 11 Դեկտեմբերին։
4ի դէմ 18 քուէներով վաւերացուած բանաձեւը ներկայացուած էր յանձնախումբին ատենապետ Ճէյմզ Ռաշի եւ բարձրաստիճան անդամ Ռապըրթ Մենենտեզի կողմէ։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտնեց, որ այս բանաձեւին, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւին վաւերացումը ցոյց կու տան, որ քոնկրեսականները վերջապէս պատրաստ են դէմ դնելու իր կամքը ամերիկացիներուն վրայ պարտադրելու Անգարայի ջանքերուն։
Յիշեցնենք, որ Ներկայացուցիչներու տունը Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանող բանաձեւ մը եւս վաւերացուցած է։ Այդ բանաձեւին նման, Ծերակոյտին բանաձեւը սահմանափակումներ կը դնէ Թուրքիոյ կողմէ ամերիկեան զէնքեր գնելու, ինչպէս նաեւ ռազմական ներածումներու համար նախատեսուած վարկերու վրայ։
Ծերակոյտին բանաձեւին քննարկումին ընթացքին, Մենենտեզ անընդունելի համարեց հիւսիսային Սուրիա ներխուժելու Թուրքիոյ քայլը, ինչպէս նաեւ ռուսական հակահրթիռային համակարգեր գնելու Անգարայի որոշումը։ Ան այս առիթը օգտագործելով՝ դարձեալ յիշեցուց իր պաշտօնակիցներուն, որ պէտք է վաւերացնեն նաեւ թիւ 150 բանաձեւը, ճանչնալու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը։