Սրտի անհուն ուրախութեամբ կը շնորհաւորենք եւ կ’ողջունենք ՀԵՄ-ի մեծ ընտանիքը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 129-րդ ամեակին առիթով։
Հիմնադրութեան օրէն սկսեալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը գործի կուսակցութիւն հանդիսացաւ, պաշտպանելով հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերը եւ հետապնդելով Հայ Դատի արդար լուծման աշխատանքները։
Փառք ու պատիւ ՀՅԴ-ի շարքերէն ներս ծառայող բոլոր նուիրեալներուն։
Աննահանջ երթ դէպի նոր լուսաւոր ամեակներ։
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան»
Երաժշտանոցի Վարչութիւն
* * *
Ազգային Մշակութային Միութիւնը ջերմապէս կը շնորհաւորէ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ բախտորոշ դերակատարութիւն ստանձնած, եւ անոր ազատութեան ու բարօրութեան խնդիր մարտնչած Հայ Յեղափոխութեան Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 129-ամեակը։
Այս բարեբաստիկ առթիւ, մեր մաղթանքն է որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր երթը հիմնադիրներուն պայծառ տեսիլքով եւ սեփական ժողովուրդին ծառայելու անսակարկ նուիրումով։
Հոգեպարար այս հանդիսութեան ընդմէջէն, կը շնորհաւորենք ՀԵՄ-ի Վարչութիւնը եւ ՀՅԴ ողջ ընտանիքը։
Վարձքերնիդ կատար։
Ազգային Մշակութային Միութեան 
* * *
Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ընթացքին եւ յաղթական երթին մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունեցաւ ինքնուրոյն ազդեցութիւնը եւ ներգործող ուժականութիւն։
Ան սերունդներու հոգւոյն մէջ դրոշմեց վեհ գաղափարներ, որոնց շնորհիւ հայը մնաց ու պիտի մնայ հաստատակամ, ազատատենչ եւ ստեղծագործ։
Ի սրտէ կը շնորհաւորենք ՀԵՄ-ը այս պանծալի տօնանշումին առիթով մաղթելով յարաճուն վերելք։
Հայ Ծերանոցի Խնամակալութիւն
* * *
Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութեան Գործադիր Մարմինը ջերմապէս կը շնորհաւորէ ձեզ Դաշնակցութեան 129-ամեակի առթիւ, բարձր գնահատելով ձեր ժողովրդանուէր ծառայութիւնը եւ սուրբ առաքելութիւնը՝ հայաշունչ դսատիարակութեամբ ազգանուէր սերունդներ պատրաստելու ուղիով։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ամեակներ շարունակ սատար կանգնեցաւ հայապահպանման եւ ազգային ոգի ներշնչելով դարձաւ բոլորանուէր ծառայելու անզուգական օրինակ։
Անվերապահ հիացումով կ’արտայայտենք եւ կը փոխանցենք մեր շնորհաւորանքները եւ կը մաղթենք որ հաստատ քայլերով եւ աննկուն կամքով շարունակէք ձեր երթը միշտ պատնէշի վրայ մնալով եւ հաւատարմօրէն ծառայելով ձեր մշտանորոգ ուխտին։
Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութեան
Գործադիր Մարմին
* * *
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան իւրաքանչիւր տարեդարձը անպայմանօրէն յիշել կու տայ թէ ինչպէս սուրը, բահն ու գրիչը կեանք առին դաշնակցականներով ու մարմնացան մարտական, քաղաքական, քարոզչական ու դաստիարակչական աշխատանքները։
Դաշնակցականը եղաւ «Մահ կամ Ազատութիւն» գաղափարախօսութեան տիպար օրինակը, կերտեց առաջին հանրապետութիւնը, զէնքով խլեց արդարութիւնն ու իրաւունքները եւ կեանքով երդուեց հաւատարիմ մնալ իր ազգին ու հայրենիքի։
Դաշնակցութիւնը այսօր՝ 129 տարիներ ետք, աւելի հզօր ու հաստատուն քայլերով կը շարունակէ դէպի վեհ նպատակ, դէպի Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստան։
Վարձքերնիդ կատար, նուիրեա՛լ ընկերներ եւ բարի երթ դէպի նոր զեղուն ամեակներ։
ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի Վարչութիւն
* * *
Քրիստափորի, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի կերտած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր հիմնուած օրէն նպատակ ունեցաւ պահպանել հայ մարդու ինքնութիւնը, հողը եւ ազգային արժէքները, դէմ դնելով կեանքի բոլոր մարտահրաւէրներուն։ Այսպիսով ՀՅԴ-ն դարձաւ Հայ ազատագրական շարժման ռահվիրան եւ Հայ Դատի հաւատարիմ ուխտաւորը։
Այսօր 129-ամեայ Հայ Յեղափոխութեան Դաշնակցութիւնը իր «ժողովըրդանուէր ծառայութեամբ եւ մշտանորոգ ուխտով» կու գայ շեշտելու, որ այս հզօր կուսակցութիւնը անխափան քայլերով պիտի շարունակէ իր երթը մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը։
Այս առթիւ կը շնորհաւորենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 129-րդ տարեդարձը մաղթելով յարատեւ նուաճումներ եւ լուսաշող վերելք։
Բարի երթ դէպի նորանոր ամեակներ։
ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդ
* * *
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը սրտի անհուն բերկրանքով կ’ողջունէ եւ կը շնորհաւորէ ողջ հայութիւնը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 129-րդ ամեակի տօնակատարութեան առիթով:
«Ժողովրդանուէր Ծառայութիւն, Մշտանորոգ Ուխտով» կարգախօսը նոր թափ ու եռանդ կը ներշնչէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերէն ներս բոլոր ծառայողներուն:
Հայկական արժէքներու պահպանումին եւ Հայ Դատի հետապնդումին նախանձախնդիր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կառչած կը մնայ իր դաւանած գաղափարախօսութեան եւ սրբազան առաքելութեան, ի խնդիր հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն:
Բիւր յարգանք ՀՅԴ-ի շարքերէն ներս իրենց անսակարկ ծառայութիւնը մատուցող բոլոր նուիրեալներուն:
Շնորհաւոր 129-ամեակ, դէպի փառապանծ ամեակներ:
ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութիւն
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւն
Եւ Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդ
* * *
129 տարիներ առաջ Սուրը, Բահը, Գրիչը, կեանք առին դաշնակցական երիտասարդ ղեկավարութեամբ ու մարմնացան ռազմական, քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական ու դաստիարակչական աշխատանքներուն ու գործերուն մէջ, ընդմիշտ պատուով կրելով «Հայկական Աւանդական Կուսակցութիւն» տիտղոսը։
Ծնունդ առնելով Հայ ժողովուրդի ծոցէն, հաւատքի եւ գործ համատեղումը եղաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան սուրբ պարտականութիւնը որը հաւատալով իր սեփական ուժերուն ու ծառայելով Հայաստանի եւ Հայութեան ազատագրութեան դատին, ապահովեց ազատ ու անկախ Հայաստանը։
Ի սրտէ կը շնորհաւորենք ՀՅԴ հզօր կազմակերպութեան 129-ամեակը, մաղթելով որ հաստատակամութեամբ եւ յարատեւ յանձնառութեամբ շարունակէ ճաճանչել որպէս փարոս, ստուերոտ հայ ժողովուրդի ճանապարհին վրայ դէպի յաւելեալ երկարատեւ ամեակներ եւ նորանոր ձեռքբերումներ՝ ի շահ հայ ազգի հզօրացման։
Շնորհաւոր տօնդ, շնորհաւոր ծնունդդ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն։
Հոգաբարձութիւն՝
Ազգ. Միացեալ Վարժանի
* * *
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութեան անունով ընդունեցէք մեր խորին շնորհաւորութիւնները ՀՅԴ-ի հիմնադրման 129-աեակի առթիւ։
Յոյսով ենք որ եկող տարիներուն ալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը տալով հայ ժողովուրդին լաւագոյնը կը շարունակէ ազգապահպան սրբազան գործը։
Կը մաղթենք ձեզի յաջողութիւն, համագործակցութեան լաւագոյն մաղթանքներով։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Շրջանային Վարչութիւն