29 Հոկտեմբերին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական Պալատի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւի որդեգրման յաջորդեց 12 Դեկտեմբերին ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւի ընդունումը` միաձայնութեամբ:

Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ արդարութեան նկատմամբ ԱՄՆ Ծերակոյտի այս քայլը պատմական էր ու աննախադէպ նաեւ անով, որ առաջին անգամ ԱՄՆ պատմութեան ընթացքին ԱՄՆ Ծերակոյտին քննարկման օրակարգ դարձած է Ցեղասպանութեան հարցը: ԱՄՆ Ծերակոյտը հաստատեց իր քաղաքական կամքն ու յանձնառութիւնը ցեղասպանութիւններու կանխելու եւ արդարութիւնը վերականգնելու համար:
Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովրդին դէմ գործած ոճրին կը տրուի պատմական արդար գնահատական եւ ապացուցում, որ քաղաքակիրթ աշխարհը չի հանդուրժեր մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններն ու ցեղասպանութիւնները եւ ժխտողական քաղաքականութիւն որդեգրած Թուրքիոյ կոչ կ’ընէ վերականգնել պատմական արդարութիւնը:
Անվիճելի փաստ է, որ այս յաղթանակը յատկապէս արդիւնք է ԱՄՆ-ի մէջ գործող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կառոյցին, Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու երկար տարիներու յամառ, հետեւողական ու նուիրուած պայքարին:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կ’ողջունէ ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ պատմական արդարութիւնը վերականգնող այս բանաձեւի ընդունումը եւ իր անմնացորդ զօրակցութիւնը կը յայտնէ ԱՄՆ-ի մէջ աշխատող մեր կառոյցներուն եւ ընկերներուն:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
13.12.2019 թ.