«Ապառաժ».-13 Դեկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասպշիքը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակը: Մասիս Մայիլեան անդրադարձած է 29 Նոյեմբերին Ատրպէյճանի կողմէն հրադադարի վարչակարգի կոպիտ խախտման, որուն հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած է պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայող Ռաֆայէլ Ազիզեան: ԱԳՆ-ի ղեկավարը ընդգծած է, որ նման դէպքերը անգամ մը եւս կը վկայեն, որ անհրաժեշտ է կեանքի կոչել զինադադարի միջազգային վերահսկման ձեւաչափերը:
Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ 17-21 Նոյեմբերին ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին միջնորդութեամբ կազմակերպուած Արցախի Հանրապետութենէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Ատրպէյճանէն լրագրողներու փոխայցելութիւններու արդիւնքները: Մասիս Մայիլեան կարեւոր համարած է նմանատիպ նախաձեռնութիւններուն ինքնանպատակ բնոյթ չկրելու հանգամանքը, դիտել տալով որ անոնք առաւելագոյնս կը նպաստեն կողմերու միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման, ինչ որ առանցքային նշանակութիւն ունի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի յառաջմղման համար: ԱԳՆ ղեկավարը դիտել տուած է, որ վերջին շրջանին ատրպէյճանական կողմի գործողութիւնները, մասնաւորապէս` 3 Դեկտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ ԵԱՀԿ-ի մէջ տարածուած յուշագիրը կը հակասեն վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման տրամաբանութեան: