Ռուսիա 500 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ Թարթուսի նաւահանգիստը նորոգելու համար:
Ռուսիոյ փոխվարչապետ Իւրի Պորսիով «Շամ Թայզմ»ի թղթակիցին յայտնեց, որ նաւահանգիստի նորոգութիւնը պիտի տեւէ չորս տարի: Ան հաստատեց, որ Ռուսիա ծրագրած է նաւահանգիստը արդիական չափանիշներով նորոգել, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ երկաթուղի կառուցել՝ որպէս միջանցք դէպի միջերկրական ծով եւ արաբական ծոց, ինչ որ բեռնափոխադրութեան եւ առեւտուրի շարժումը պիտի բարելաւէ:
Պորսիով աւելցուց, որ այս ծրագիրին իրականացմամբ Թարթուսի նաւահանգիստին մէջ շուրջ 3700 գործաւորի աշխատանք պիտի հայթայթուի: