Սուր­իոյ նա­խա­գահ Պաշ­շար ալ Ասատ ըն­դու­նեց Ռուս­իոյ փոխ­վար­չա­պետ Իւ­րի Պո­րէ­սո­վը եւ իրեն ըն­կե­րակ­ցող պատուի­րա­կու­թիւնը:
Հան­դի­պու­մին ըն­թաց­քին կող­մե­րը խորհր­դակ­ցե­ցան բա­րե­կամ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ տն­տե­սա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման շուրջ:
Ասատ եւ Պո­րէ­սով պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նե­ցին նպաս­տե­լու ռուս-սուր­ի­ա­կան տն­տե­սա­կան մի­աց­եալ յանձնախում­բին որո­շում­նե­րուն մին­չեւ տա­րե­վերջ գոր­ծադ­րու­թեան:
Հան­դի­պու­մին Սուր­իոյ կող­մէ ներ­կայ գտն­ուե­ցան Սուր­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ուա­լիտ Մուալ­լէմ եւ անոր օգնա­կան Այ­ման Սաու­սան, Սուր­իոյ Նա­խա­գա­հու­թեան Գոր­ծա­դիր Մարմ­նի պա­տաս­խա­նա­տու Ման­սուր Ազ­զամ, հան­քա­յին հարս­տու­թեան նա­խա­րար Ալի Ղա­նէմ, վար­չա­պե­տի քար­տու­ղար Քայս Խը­տըր, իսկ Ռուս­իոյ կող­մէն նե­կայ գտն­ուե­ցան Ռուս­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ­նա­խա­րար Մի­քա­յէլ Պոկ­տա­նովն ու Դա­մաս­կո­սի մէջ Ռուս­իոյ դես­պա­նը: