Հազիւ հինգ տարեկան էի, երբ յայտնաբերեցի Կաղանդ Պապային իսկութիւնը եւ մօրուքը քաշեցի: Երանի ըրած չըլլայի, որովհետեւ այդ օրէն սկսեալ ես կորսնցուցի հեքիաթային շատ կարեւոր հերոս մը, որուն գալուստը կը սպասեն աշխարհի միլիոնաւոր երեխաներ ու անոր կը բեռցնեն բազմամիլիոն երազներ, խնդրանքներ ու փափաքներ:
Հեքիաթները շատ կարեւոր են մեր կեանքին մէջ, փոքր ըլլանք, թէ մեծ, քանի որ իւրաքանչիւրիս մէջ անպայման կը շարունակէ ապրիլ մանուկը, որ կ’ուզէ հաւատալ անհաւատալիին, կ’ուզէ իրականացած տեսնել բաներ, որոնց իրականացումը դժուար է, նոյնիսկ անկարելի, սակայն նպատակի մը հասնելու հաւատքն է, որ մեզ կը գօտեպնդէ ու յուսալքութենէ կը փրկէ:
Առանց հեքիաթներու, աշխարհը պիտի դառնար շատ անհետաքրքրական տեղ մը, ու մարդկութիւնն ալ՝ անգոյն, անտարբեր հաւաքականութիւն մը: Դիմատետրի վրայ հաւանաբար լսեցիք մեր մեծ արուեստագէտին՝ Սօս Սարգսեանի բեմական խօսքը, երբ կ’ըսէր «Տոն Քիշոթները պէտք են մեր կեանքին մէջ. առանց Տօն Քիշոթներու, մեր կեանքը կը դառնար անհետաքրքիր ու գորշ…»: Անշուշտ ինք կ’ակնարկէ հեքիաթային այն հերոսին, որ երազելով կ’ապրի ու ինք ալ հեքիաթներ կը ստեղծէ երբ կը կռուի հողմաղացներու դէմ:
Մանկութեան մեր կաղանդի ծառերը, որոնք բնական էին, հոգ չէ թէ ծուռիկ-մուռիկ, սակայն իսկական էին եւ որոնց հոտը դեռ ռունգերուս մէջ է, հազար անգամ աւելի սիրուն ու թանկարժէք էին, քան ներկայ արհեստական կեղծ ծառերը, որոնցմէ հսկայ հատ մըն ալ այս օրերուն զետեղուած է Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջտեղը: Բազմահազար մեթր երկարութեամբ լուսաւոր երիզներով պատուած այդ բազմածախս զանգուածը երբեք չի կրնար փոխարինել բնականը, սակայն երեխաները կ’ուրախանան, կը նկարուին անոր հետ, քանի որ արդի կեանքը ակամայ զանոնք վարժեցուցած է արհեստական ամէն ինչի, սկսեալ մօր կաթին փոխարէն փոշի կաթէն, մինչեւ ընկերային յարաբերութիւններն ու փողոցային խաղերը փոխարինող գրպանի հեռաձայնի նամակներն ու խաղերը:
Այս բոլորով հանդերձ, պահպանելով աւանդոյթ մը, հին տարուան հաշուեփակը ընելով եւ նոր տարուան գալուստը ողջունելով, ամէն մարդ կ’ուզէ իրականացած տեսնել իր երազները, ամէն մարդ մաղթանքներ կ’ընէ, շատերը անձնական, շատերը ընդհանրական ու համամարդկային:
Այնպէս որ, ես ալ իմ մաղթանքներս ընեմ. թող Սուրիոյ պատերազմը իր աւարտին հասնի, Հալէպին վառելանիւթ ու ելեկտրական հոսանք հասնի, տոլարը իր բարձունքէն վար գլտորի: Իսկ մեր հարազատ Լիբանանն ալ հանդարտի, ցոյցերը վերջ գտնեն ու ցուցարարներուն փափաքները իրականացած տեսնենք: Հայաստանը հեռու մնայ իր շուրջ նիւթուող դաւերէն: Նոր իշխանութեան մէջ յանուն նորարարութեան մեր մշակոյթին ու ազգային մեր աւանդոյթներուն վնասող տարրերը զգաստանան: Ու կրկնենք մեր աննման «Տէր Ողորմեա»ին խնդրանքը Աստուծմէ՝ «…Տուր աշխարհիս խաղաղութիւն, ազգիս հայոց սէր, միութիւն»… Ամէն:
Յակոբ Միքայէլեան