Ուրախ տրամադրութեամբ, հոգեկան գոհունակութեամբ եւ տօնական մթնոլորտով կը պատրաս-տուինք 2020-ին «Բարի Գալուստ» ըսելու: Անցնող տարուան տեւողութեան փորձեցինք ապրիլ մեր առօրեան, ներկան, օրուան անցուդարձերը մտաբերելով, մեր օրակարգին վրայ տեղ գտած նիւթերով տագնապելով եւ զանոնք գործադրելու ճիգ թափելով: Հիմա ամէն ինչ նոյնն է, սակայն Ամանորի սեմին մեր կեանքը իմաստաւորող երեք արժէք կը մտաբերենք՝ բարեմաղթութիւն, յոյս եւ հաշտութիւն: Առանց այս անկողոպտելի «զարդերուն», Նոր Տարին դիմաւորելը ամբողջական պիտի չըլլայ: Տօնական օրերը մեզ կը մղեն խորհրդածութեան այս արժէքներուն շուրջ, անոնցմով զարդարելու Ամանորը:
 Ինչ լաւ է բարին մաղթելը: Ինքնաբուխ ու հոգեհարազատ ձեւով աղօթաբոյր խօսքեր արտասանելը: Սրտի խորերէն անանձնական ըլլալն ու սփոփարար բալասան դառնալը: Նոր տարուան առիթով շնորհաւորագիրը դեղագիր է, մաղթանքը՝ աղօթք, այցելութիւնը՝ հոգեզմայլ հրճուանք, հեռաձայնով հաղորդակցիլն անգամ՝ աւետաձայն մխիթարանք, դիմատետրի էջին վրայ յուսադրիչ գրութիւն տեղադրելը՝ լաւատեսութիւնը բաժնեկցելու մղում, իսկ կարիքաւորին օգնութեան փութալը՝ աստուածահաճոյ նուէր: Մաղթանքն ու յոյսը սերտօրէն առնչուած են իրարու հետ: Մաղթանքին ներշնչման աղբիւրը յոյսն է: Բարեմաղթութիւնները գալիքին կը վերաբերին, յոյսն ալ իր աչքերը կը յառէ ապագային, առաքեալը կ’ըսէ. «Կը յուսանք բանի մը՝ որ չենք տեսներ եւ որուն կը սպասենք համբերութեամբ»(Հռ 8.25): Մաղթանքը յոյսին շնորհիւ կը ստանայ ուժականութիւն եւ ներգործող ազդեցութիւն: Ուստի, յոյսով կը ճեղքենք աշխարհի ալեկոծ ծովը, խաղաղ նաւահանգիստ հասնելու վճռակամութեամբ: Յոյսով բարիք կը սերմանենք, մեր ցանածին փոխարէն բարին հնձելու մտադրութեամբ: Յոյսով աղօթք կը վերառաքենք, մեր խնդրանքներուն պատասխանը ստանալու ակնկալութեամբ: Ուրեմն յոյսով ապրելու ենք: Այլապէս ոչ միայն գալիքին նկատմամբ յոռետես կ’ըլլանք, այլեւ՝ ներկան ապրելու կը դժուարանանք եւ տոկալու մեր եռանդը կը սպառենք: Յոյսը մեր երազներուն կու տայ թեւ ու թռիչք, որպէսզի անոնք լոյս աշխարհ գան իրողապէս: Յոյսը վիշտերը կը փարատէ, սեւ գաղափարները մէկդի կը շպրտէ, հաստատակամ ընթանալու կը հրաւիրէ, եւ հակառակ մեզ շրջապատող նեղութիւններուն, Քրիստոսի յաղթական երթին մասնակից կը դարձնէ, որպէսզի առաքեալին ձայնակցինք ըսելով. «Բայց այս բոլորէն շատ աւելի յաղթական դուրս կու գանք շնորհիւ անոր՝ որ մեզ սիրեց» (Հռ 8:37): Թող մաղթանքներ անլռելի կանչով հնչեն, քաղցրաձայն ուժգնութեամբ արձագանգեն, խաղաղարար լուրերու հետքեր ձգեն, սրտերուն մէջ թափանցեն, եւ յուսադրող աղօթքներ՝ սիրոյ եւ հաշտութեան առաջնորդեն:
Հաշտութիւնը խաղաղ ապրելու եւ խիղճի հանգստութիւն վայելելու պարարտ ենթահողն է: Հաշտարար դեր ստանձնելու է Քրիստոսի հետեւորդը, այս կարեւոր տուեալը աստուածասէր մարդուն նկարագրային յատկութիւնն է, որով խաղաղութեան հաստատման կը ծառայէ՝ ի խնդիր եղբայրասիրութեան եւ համերաշխութեան: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր Տէրը՝ Յիսուս «Լերան Քարոզին» մէջ յատուկ բաժին վերապահեց խաղաղարար մարդոց, յայտնապէս ըսելով, որ՝«Անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»: Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի անյետաձգելի պահանջք կը նկատուի հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն տարածելը, առաքելական պատուէրը կը մնայ միշտ անժամանցելի թէ՝ «Որքան կրնաք՝ ամէնուն հետ խաղաղ ապրեցէք» (Հռ12.18): «Որքան կրնաք» բառերը կը յուշեն, թէ խաղաղ ապրիլը կ’ենթադրէ բարի կամեցողութիւն, համբերութիւն եւ յարատեւութիւն. բան մը, որ բարոյական պարտականութիւն է մեզի համար:
Չարութեան որոմին, նախանձի փուշին եւ ատելութեան թոյնին տխուր տեսարանը կը պարզէ այսօրուան աշխարհը: Հրատապ հարցերէն, մտատանջող մարտահրաւէրներէն եւ տագնապի մատնող կացութիւններէն յոգնած է 21-րդ դարու մարդը: Ան կարօտակէզ հայեացքով կը փնտռէ խաղաղութեան աւետիսին պատգամաբերները: Մարգարէն կ’ըսէ. «Ինչ գեղեցիկ է տեսնել աւետիս բերողները, որոնք կու գան խաղաղութեան լուրը տալու եւ գալիք բարօրութիւնը աւետելու» (Հռ 10.15):
Հետեւաբար, աղօթաբոյր մաղթանքներով, վառ յոյսերով, եւ հաշտարար հոգիով դիմաւորենք Նոր Տարին:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան