«Ազդակ».-Լիբանանի ընկերային-տնտեսական պայմաններուն պատճառով, բազմաթիւ հայ կարիքաւոր ընտանիքներու դժուարութիւնները բարդացան եւ պայմանները առաւել եւս վատթարացան: Ակներեւ էր, որ ընկերային ցանցերուն վրայ բազմաթիւ հայ երիտասարդներ սկսան նախաձեռնել բարեգործական աշխատանքներ` նպաստելու կարիքաւորներուն եւ հասնելու անոնց կարիքներուն:
Այս առիթով, Երկուշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց խումբ մը կամաւոր երիտասարդներ, որոնք ընտանիքներու կ՛այցելեն եւ իրենց ունեցած միջոցներով օժանդակութիւններ կ՛ապահովեն: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան եւ առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան:
Սրբազան հայրը նախ եւ առաջ մեծապէս գնահատեց երիտասարդ կամաւորներուն մօտեցումները` ծառայութիւն կատարելու ընկերութեան մէջ գտնուող կարիքաւորներուն` դժուարին օրերուն զօրակցելով հայ ընտանիքներուն: Նարեկ արքեպիսկոպոս շեշտեց, որ լիբանանահայ կառոյցները իրենց կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայ ընտանիքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները յաղթահարելուն, սակայն կարիքները օրըստօրէ կը բազմանան, մինչ գոյութիւն ունեցող կարելիութիւնները սահմանափակ են:
Այս շրջագիծին մէջ, առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ պէտք է հաւաքական մօտեցումով իւրաքանչիւրը իր կարողականութիւններու սահմաններուն մէջ ճիգ թափէ, որպէսզի աշխատանքները առաւել եւս արդիւնաւորուին, եւ այս շրջագիծին մէջ երիտասարդներուն դերը ե՛ւ ոգեւորիչ է, ե՛ւ օգտակար: Նարեկ արքեպիսկոպոս ըսաւ, որ նշեալ հանդիպումին ներկայ եւ հետագային աշխատանքներուն մասնակից դառնալու փափաք յայտնող բոլոր երիտասարդներուն դիմաց առաջնորդարանը իր դռները բացած է եւ իր բոլոր կարելիութիւնները անոնց տրամադրութեան տակ կը դնէ:
Իր կարգին, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան հաստատեց, որ բարեգործութիւնը ցուցադրութեամբ ու ենթականերուն արժանապատուութիւնը վիրաւորելով չ՛ըլլար, եւ ընդունելի չէ, որ կարիքաւորներու վատ պայմանները օգտագործուին` ազգային կառոյցներուն աշխատանքները նուաստացնելու համար: Տէմիրճեան յոյս յայտնեց, որ երիտասարդներուն գործնական մասնակցութիւնը աւելի կ՛ընդարձակէ ծառայութիւններու շրջագիծը` առաւել եւս հոգալու ընտանիքներու ապրուստի, կրթաթոշակի, տան վարձքի, դեղորայքի եւ հիւանդանոցային սպասարկութիւններու կարիքները:
Ապա ներկայ երիտասարդները քննարկեցին Պուրճ Համուտի մէջ կարգ մը կարիքաւորներու բնակարաններու կացութիւնը, կահոյքի եւ նորոգութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ ճշդեցին աշխատանքները հետապնդելու համապատասխան կարգը: Մասնակիցները շեշտեցին, որ իրենք ունին մէկ եւ միակ նպատակ, որն է ծառայել հայ ընտանիքներուն:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ