Վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ, Հայկական երեսփոխանական պլոքը երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ կը զօրակցի Հասսան Տիապի թեկնածութեան:

Հանդիպումէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը վարչապետի պաշտօնին համար առաջադրած է Հասսան Տիապի թեկնածութիւնը:

«Այս ամպիոնը այսօր վարչապետի նշանակման համար է միայն եւ ոչ թէ քաղաքական կեցուածքներ արտայայտելու կամ կառավարութեան տեսակին թէ չափին մասին խօսելու: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով եւ հաւատալով ամէնէն արագ միջոցին կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութեան` Հասսան Տիապի անունը կ՛առաջադրենք վարչապետի պաշտօնին համար», ըսաւ ան:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք ծանօթ է եւ նախապէս բազում հանդիպումներ ունեցած է Հասսան Տիապի հետ: «Համոզուած եմ, որ ատակ եւ կարողութիւն ունեցող անհատներու պէտք է գործելու առիթ ընծայել, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Տիապ ակադեմական է, մասնագէտ եւ կասկածներէ հեռու անձնաւորութիւն մը», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալեքսանտր Մաթոսեան խորհրդակցութիւններուն ներկայ չգտնուեցաւ երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով, սակայն ան գրաւոր կերպով հանրապետութեան նախագահին փոխանցեց պլոքի որոշումին իր զօրակցութիւնը: