Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը յառաջացաւ Իտլիպի հարաւային շրջանին մէջ, ազատագրելով Հարաքի, Քրաթի, Թահթայա, Պըրճ, Թալ Հոմսի եւ Մաարէթ Նոհմանի արեւելեան գիւղերը։
Նախօրօք, սուրիական բանակը ազատագրած էր Իտլիպի հարաւ-արեւելեան Ըմ Թինէ, Հըրան եւ Քաթրա գիւղերը, եւ ոչնչացուցած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն թաքստոցները։