2019-ին «Գանձասար» շարունակեց լոյս տեսնել՝ յաղթահարելով կարգ մը դժուարութիւններ, յաջողելով կարգ մը ծրագիրներու իրականացման մէջ, որոշ ծրագիրներ ալ անկատար ձգելով:
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս աշխատակազմէն գաղթողներ եղան ու փոխարինուեցան նորերով: Այս երեւոյթը նոր երիտասարդներ խմբագրական աշխատանքի դաշտ ներգրաւելու դրական կողմին կողքին, բնականաբար պիտի ունենար իր բացասական կողմը: Խմբագրական տարբեր աշխատանքներու մէջ հազիւ փորձառութիւն ձեռք ձգած երիտասարդներ, տարի մը վերջ պիտի ստիպուէին լքել իրենց աշխատանքը եւ մեկնիլ երկրէն: Տարուէ տարի կրկնուող այս փոփոխութիւնը թէեւ որոշ համեմատութեամբ կը դանդաղեցնէ թերթի կարգ մը բաժիններուն յատուկ փորձառու մարդուժ պատրաստելու աշխատանքը, միւս կողմէ սակայն, աւելի մեծ թիւով երիտասարդներու մօտ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ ու կը պահէ անոնց մշտական կապը թերթին հետ:
Երկրի տնտեսական վիճակին եւ ծառայողական ոլորտին («համացանց, ելեկտրականութիւն, վառելանիւթ) վատթարացման հետ թէեւ կրկնապատկուեցան հրատարակութեան դժուարութիւնները, սակայն, «Գանձասար»ի հրատարակութիւնը մնաց անխափան: Տպագիր մամուլը յստակ պատճառներով տեղի կու տայ, առցանց մամուլի ընթերցողները գերակշիռ կը դառնան: Այդուհանդերձ տպագիր մամուլը կը մնայ մեր գուրգուրանքի առարկան, որովհետեւ համայնքի պատմութիւնը արձանագրող գլխաւոր երկարակեաց աղբիւրը կը համարուի, հրատարակութեան բծախնդիր աշխատանք կը թելադրէ ու ընթերցողներու որոշ համեմատութեան մը նախընտրութիւնը կը մնայ:
Լրագրական մարդուժի պատրաստութեան մեր փորձերը շարունակուեցան, սակայն աշխատակիցներու ակնկալուած թափն ու հետեւողականութիւնը կարելի չեղաւ ապահովել: Անցնող տարուան ընթացքին քաջալերական էր թերթին թղթակցային կէտերուն աշխուժութիւնը՝ Հալէպէն Քեսապ, Գամիշլի եւ Լաթաքիա: Եթէ նախապէս Սուրիոյ տարբեր շրջաններէ հապճեպ թղթակցութիւններ կը հասնէին «Գանձասար»ին, այսօր արդէն այդ շրջաններու հայ համայնքի գործունէութեան թղթակցութիւններն ու աշխատակիցներու (երիտասարդական թէ աշակերտական) եւ յօդուածագիրներու մասնակցութիւնը կանոնաւոր կշռոյթով կ’ընթանան: Սա կը թելադրէ նաեւ որակի բարելաւում, աշխատակիցներու յաճախակի հանդիպումներու, դասընթացքներու կազմակերպում եւ բովանդակութեան հարստացում:
2019-ի սեմին, անսալով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին «Հայ Մամուլի Տարուան» կոնդակին, մասնակցելով նաեւ Անթիլիասի մէջ այս առիթով կազմակերպուած մամլոյ ներկայացուցիչներու համահայկական խորհրդաժողովին, յարմար նկատած էինք ժողովներէ եւ հանդիսութիւններէ քայլ մը առաջ երթալով գործնական կապ ստեղծել երիտասարդ ընթերցողներուն եւ թերթին միջեւ, այնպէս ինչպէս համահայկական մամուլի ներկայացուցիչներուն միջեւ: Այս առումով թերթիս կազմակերպած լրագրական դասընթացքը առիթ հանդիսացաւ երիտասարդ տարրը թերթին մօտեցնելու, ընթերցումը անոր առօրեային մէկ մասնիկը դարձնելու եւ զինք քաջալերելու աշխատակցութեան: Հայկական տարբեր վարժարաններէ աշակերտներու յաջորդական այցելութիւնները խմբագրատուն ու խմբագրական աշխատանքին ներկայ ըլլալը եւս հետաքրքրութիւն ստեղծեցին անոնց մօտ:
Հալէպի մէջ թէեւ մամուլը մուտք գործած է դպրոց եւ ակումբ, սակայն, խմբագրութիւն, դպրոց, ակումբ գործակցութիւնը ցարդ անհրաժեշտ կարեւորութեան չէ արժանացած:
Թերթը պէտք է հասնի իւրաքանչիւր աշակերտի, միութենականի նաեւ, որպէսզի իւրաքանչիւրը զինք հետաքրքրող բաժինը ընթերցէ իր մայրենիով, ինքզինք ու իր առօրեան փնտռէ թերթին մէջ ու տեղեակ ըլլայ համայնքային եւ համահայկական զարգացումներուն:
Այս առումով հսկայ աշխատանք տանելու է թերթը, իր բովանդակութեամբ ընթերցողներուն առօրեային մէջ թափանցելու, գաղութի պատմութիւնն ու առօրեան արտացոլացնելու եւ լեզուական թերութիւններէն հնարաւորինս զերծ մնալու:
Նիւթական դժուարութիւնները յաղթահարող ազգ ենք մենք: Այս կը վկայեն «Գանձասար»ի տարբեր հրատարակութիւններուն համար կատարուած նուիրատուութիւնները: Ինչպէս չգնահատել սուրիահայ մեր տղոց, յատկապէս Քանատա գաղթած մեր ընկերներուն, նիւթական զօրակցութիւնը թերթին՝ տարեկան բացառիկը ամէն գնով հրատարակելու ի խնդիր: «Գանձասար»ի ծնունդին ու զարգացումին հետեւած, անոր տարբեր աշխատանքներուն մաս կազմած, նոյնիսկ սովորական ընթերցող համարուող մեր տղաքը անվարան կը շարունակեն իրենց կապը թերթին հետ՝ նիւթական թէ բարոյական աջակցութեամբ, աշխատակցելով, ընթերցելով ու իրենց մեկնաբանութիւններն ու նկատողութիւնները արձանագրելով մերթ ընդ մերթ:
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք տարի մը եւս հանդէս եկան «Գանձասար»ին մէջ, իրենց յօդուածներով, թղթակցութիւններով եւ զրոյցներով հարստացուցին անոր բովանդակութիւնը: Մեր հարցերը, մեր նուաճումները, մեր հեռանկարները, վէճերն ու տարակարծութիւնները պիտի արտացոլան, պէտք է ազատօրէն արտացոլան մամուլին մէջ: Անընդունելի են խօսքի ազատութեան կաշկանդումներու դրսեւորումները: Քննարկում-ինքնաքննարկումի բացակայութեան ինչպէ՞ս կարելի է քննական միտք ունեցող երիտասարդութիւն ունենալ, եւ ինքնագովութեան մոլուցքէն ձերբազատիլ:
Պահենք ու զարգացնենք մամուլը մեր հաւաքական ճիգով: Ու որքան մեծագումար ներդրումներ յատկացնենք շքեղ կառոյցներ ունենալու եւ այդ կառոյցները մարդուժով հարստացնելու համար, նոյնքան ալ տրամադրենք մեր լեզուի եւ մտածողութեան զարգացման հարթակին՝ մամուլին: Անոր էջէրէն պիտի ծնին նաեւ մեր ապագայ խմբագիրները, մտաւորականներն ու լեզուի, ազգային արժէքներու պաշտպան մարտիկները:
«Գ.»