Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի, համագործակցութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին, Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2019-ին երիտասարդութեան բարգաւաճման եւ զարգացման երկրորդ փուլով իրականացուող ծրագիրին շրջանաւարտից հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Գ.Եսայեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչներուն, ուսումնարաններու տնօրէններուն, դասատուներուն եւ մասնակիցներուն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարիա Պօզեագալեան, որ նկարագրեց տարուող աշխատանքներուն հոլովոյթը, մասնակիցներուն ընթացքն ու ծրագիրին նպատակը եւ զարգացման փուլերը:
Այնուհետեւ իւրաքանչիւր մասնագիտութենէն մասնակիցներ իրենց վկայութիւնները, շնորհակալական խօսքերը արտասանեցին:
Ապա տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ 2019 Նոյեմբերին ընթացք առած հետեւեալ դասընթացքներէն պատկերներ՝ համակարգիչի ծրագիրներ, բջիջային հեռաձայնի նորոգութեան, տպագրական նկարներու ձեւաւորման, վարսայարդարումի, երթեւեկային գրասենեակներու տնօրինման, խոհարարական, կարի եւ գեղագիտական դասընթացքներ:
200 երիտասարդ/ուհիներ շրջանաւարտ դարձան, անոնք առիթ պիտի ունենան իրենց ձեռքբերած հմտութիւններով փոքր գործառութեան հիմը դնելու:
Տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը՝ ձեռամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի: Աւարտին, Համայնքապետ Վերապատուելին իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Ան վեր առաւ մաքառող Սուրիոյ ժողովուրդին կարեւոր օղակը հանդիսացող երիտասարդութեան կարեւորութիւնը, դիտել տալով, որ համայնքը ամէն ձեւով սատար կը հանդիսանայ երիտասարդութեան, որպէսզի ան, իր կարգին, նպաստէ Սուրիական Հայրենիքի վերելքին ու ծաղկման:
Համայնքապետը դիտել տուաւ, որ սոյն ծրագիրը ուղղուած ըլլալով տեղացի եւ հայ երիտասարդութեան կ’ապացուցէ Սուրիոյ մէջ տիրող համակեցութիւնն ու համերաշխութիւնը, հակառակ բաժանարար կողմերուն տարած հակաքարոզչական լայնածաւալ աշխատանքին:
Հանդիսութիւնը ներկաներուն իրար փոխանակած շնորհաւորական բարեմաղթուղթիւններով եւ գալիք օրերու լաւատեսութեամբ իր աւարտին հասաւ:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան