Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան Գրական Յանձնախումբին, հանդիսաւոր կերպով յիշատակուեցաւ Հայ Մամուլի 225-ամեակը՝ «Պատառիկներ Հայ Մամուլի Պատմութենէն» խորագիրը կրող ձեռնարկով մը, Ուրբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լ. Շանթ» սրահէն ներս: Ձեռնարկին ներկայ էին ազգային ու միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան տիար Ժիրայր Րէիսեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայր Մանուկ Քէօշկէրեան, հայերէնաւանդ ուսուցիչներ, հալէպահայ մամուլի ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ականներ ու գրասէր հանդիսատէսներ:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներէն ետք, օրուան բեմավար Մարինա Չիլ Աբօշեան-Պօղիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Գրական Յանձնախումբի ատենապետուհի Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեանը արտասանելու բացման խօսքը:
«ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հռչակած 2019-ի Հայ Մամուլի տարուան ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի Գրական Յանձնախումբը անհրաժեշտ նկատեց լուսարձակի տակ առնել Հայ Մամուլին պատմութիւնը», ըսաւ ան, ապա կարեւորութեամբ մատնանշեց ՀՄԸՄ-ին բերած ներդրումը Հայ Մամուլի պատմութեան, բարի երթ մաղթելով հայ մամուլին ծառայողներուն:
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցչուհի Անժէլ Շէօհմէլեան-Պիւյուքեան Քանոնով մատուցեց Սայաթ Նովայի «Էշխեմէթ» ստեղծագործութիւնը:
Յարգելով եւ յիշելով Նոյեմբեր ամսուան մէջ իր մահկանացուն կնքած մեծանուն բանաստեղծ, գրող Ժագ Ս. Յակոբեանը, Գրական Յանձնախումբէն Վիգէն Չաղլասեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Ժագ Յակոբեանի բանաստեղծութիւններէն համադրում մը:
Օրուան դասախօսն էր հալէպահայ գրող, մտաւորական, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս Լեւոն Շառոյեան:
Դասախօսը պտոյտ մը կատարեց աշխարհի կարգ մը ոստանները եւ մէկ առ մէկ կանգ առաւ այն բոլոր խորհրդանշական թերթերուն վրայ, որոնք կարեւոր հետք ձգած են Հայ Մամուլի 225 տարուան պատմութեան մէջ: Սկսելով Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքէն, ուր 1794-ին լոյս տեսած է հայերէն առաջին տպագիր թերթը՝ «Ազդարար»ը, անցնելով Վենետիկէն, Վանէն ու Տարօնէն, Մոսկուայէն, Թիֆլիսէն, Իզմիրէն ու Պոլիսէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Փարիզէն, հասնելով մինչեւ Լիբանան եւ Սուրիա:
Դասախօսը յատուկ կերպով յիշեց նուիրապետական աթոռներու պաշտօնաթերթերը՝ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան «Սիոն»ը, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ»ը եւ Էջմիածինի Կաթողիկոսութեան «Արարատ»ը, ապա «Էջմիածին»ը:
Դասախօսութեան ընթացքին պաստառի վրայ ցուցադրուեցան թերթերու լուսանկարներ, զորս պատրաստած էր Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեան:
Ապա տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ գրական գործիչներու եւ խմբագիրներու տեսակէտները հայ մամուլի ներկայ իրավիճակին մասին՝ խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանի, Վարդան Մատթէոսեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեանի եւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Չիլ Աբօշեան-Պօղիկեանի կողմէ:
Յայտագիրի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց յայտնելով, որ հայ մամուլը կարեւոր է նաեւ ոչ թէ այն պատճատով որ անոր ծառայած են հոգեւոր եւ աշխարհիկ ակնառու խմբագիրներ, այլեւ մեր ժողովուրդի տագնապալի օրերուն ունեցած ենք նաեւ կրօնական թերթեր, որոնց խորքը եւ նպատակը միշտ ալ ազգային շունչը տարածել եղած է եւ մեր խմբագիրները յաջողած են այդ առաքելութեան մէջ:
Սրբազան հայրը գնահատեց օրուան դասախօսը իր օգտաշատ ներկայացման համար եւ ՀՄԸՄ-ի Գրական Յանձնախումբին այս նախաձեռնութիւնը դաստիարակիչ համարեց, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց ձեռնարկը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Թղթակից