Տօնական օրհնաբաշխ օրերու, ու յատկապէս՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան բարեդէպ առիթներով, մարդիկ սովորաբար զիրար կը շնորհաւորեն, բարեմաղթութիւններ կը փոխանակեն՝ առաւելաբար իրենց կարիքները բաւարարելու, չունեցածը ձեռք բերելու եւ կենսական պահանջները յագեցնելու ցանկութիւններ յայտնելով։ Այս վարքագիծը ընդհանրացած է ոչ միայն անհատական, այլ նաեւ հասարակական յարաբերութիւններու հարթութեան վրայ։
Նոր Տարուան վաղորդայնին, մեր կարգին, ջերմապէս կը շնորհաւորենք սուրիահայ մեր գաղութի զաւակները, ի սրտէ մաղթելով, որ նորամեկնարկ 2020 թուականը բարեբեր, օրհնաբեր եւ նուաճումներով հարուստ տարի մը ըլլայ հանուր հայութեան, Հայաստանին ու Արցախին համար։ Թող բարօրութիւնն ու զարգացումը, սէրն ու համերաշխութիւնը համակեն մեր ողջ ժողովուրդի կեանքը, ի Հայաստան եւ Սփիւռս աշխարհի։ Թող արդարութիւնն ու արդարադատութիւնը տիրեն մեր երկրէն ներս։ Մաղթենք, որ հայրենաբնակ մեր քոյրերն ու եղբայրները արժանապատիւ աշխատանք եւ արժանավայել վարձատրութիւն ունենան, մանաւանդ անոնք՝ որոնք կը ջանան անմնացորդ նուիրումով գործել եւ արդիւնաւորել, անոնք՝ որոնք իրենց ճակտի արդար քրտինքով վաստկած քանի մը հազար դրամը կը գերադասեն ապօրինի միջոցներով եւ այլոց ցաւ, արցունք պատճառելով իւրացուած կամ շահուած միլիոնաւոր տոլարները։
Մաղթենք՝ որ նորսկիզբ 2020 տարեթիւի 366 օրերը, կարեկցանքով եւ բերկրութեամբ պարուրեն մարդոց սրտերը, վերազարթնեցնեն բոլորին խիղճերը, մեր ժողովուրդը զրահեն յոյսով ու վճռակամութեամբ, վերանորոգեն մեր հաւատքն ու վստահութիւնը սեփական կարողութիւններու եւ Հայաստան աշխարհի պայծառ ապագայի նկատմամբ։ Հուսկ, կը մաղթենք ողջախոհութիւն, սէր եւ միութիւն մեր բազմաչարչար փոքր ածուին։ Իսկ տագնապահար Սուրիական Հայրենիքին՝ խաղաղութիւն, համերաշխութիւն եւ համընդհանուր վերականգնում։
Հակառակ անոր, որ մեր բարեմաղթութիւններու շարքը կարելի է դեռ շատ երկարել, այսուհանդերձ, վերեւ թուարկուածները արդէն բաւարար են ապացուցելու, թէ որքան կարիքներ ու անբաւարարութիւններ ունին մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը։
2020 թուականի ժամանումը ողջունող ամանորեան կենսուրախ, շենշող ու երջանիկ օրերու խրախուսող խանդավառութիւնը տակաւ թօթափելով պահ մը փորձենք խորասոյզ թափանցումով պարզել, թէ հայրենի մեր հասարակութեան գլխաւորաբար ինչեր կը պակսին։
Մեզի այնքան պակսածներէն եթէ առանձնացնենք առաւել էականները, ապա պիտի նկատենք թէ՝ մեր հասարակութիւնը առաջին հերթին կարօտ է բարութեան, հանդուրժողութեան, մերձաւորի թէ հեռաւորի նկատմամբ Աստուծոյ պատգամած սիրոյն։ Այս առաքինութիւնները ընդհանրապէս բացակայ են հաւաքական մեր կեանքէն։ Անցնող 2019 տարին անշուշտ այս առումով բացառութիւն չէր կազմեր։ Բարեմտութիւնն ու բարեկրթութիւնը գրեթէ անծանօթ եւ խոտոր երեւոյթներ էին Հայաստանի իշխանութեան թէ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն, գործարարներուն թէ գործազուրկներուն, ունեւորներուն թէ չքաւորութեան ճիրաններուն յանձնուած հազիւ իրենց գոյութիւնը քաշքշողներուն, ոստիկաններուն ու դատաւորներուն… առաւել նաեւ՝ վաճառորդներուն ու սովորական քաղաքացիներուն եւ իրենց կարելիութիւնները գերգնահատող միջակութիւններուն, անգէտներուն եւ խելամիտներուն, իմաստակներուն եւ իմաստուններուն, ապաշնորհներուն եւ շնորհալիներուն… մօտ։
Մեր ժողուվուրդը չար չէ, բայց մեզմէ որոշ հատուած մը սկսած է չարանալ։ Չմոռնանք, որ չարացած բարի մարդիկ շատ աւելի վտանգաւոր կ’ըլլան եւ կործանարար, որովհետեւ անոնց չարութիւնը յանդուգն է, անհակակշռելի եւ մոլեգին։ Իսկ մագլցող չարութիւններն ու վատութիւնները առաջին առիթով կը կուրցնեն մարդոց հոգիները, կը կարծրացնեն սրտերը, զանոնք դարձնելով անողոք եւ անգութ։
Մեր ազգային թէ պետական գործունէութեան մէջ ազնուութիւնը հետեւողականօրէն կը նահանջէ։ Մեր հայրենի քաղաքական գործիչները, մեր լրագրողներն ու քարոզամիջոցներու ներկայացուցիչները, որոնք անցեալ տարուան ողջ տեւողութեան իշխանութեան թէ ընդդիմադիր ճակատներէն պայքարի դրօշ պարզած էին, դարձած են ազնուութեան եւ վեհանձնութեան երդուեալ ու ջերմեռանդ հակառակորդներ։
2019 թուականը մեր քաղաքական դաշտի մարտիկներուն համար հանդիսացաւ ճշմարտութիւնը մենաշնորհի վերածելու եւ անսխալականութիւն դաւանելու տարի։ Անոնք վճռական էին այլակարծութիւնը մերժելու, ուրիշներ կոպտութեամբ ու յաւակնոտութեամբ լռութեան մատնելու եւ զրուցակիցը մեծամտութեամբ արհամարհելու իրենց վարքագիծին մէջ։
Դարձած ենք տմարդի եւ անքաղաքակիրթ։ Պատասխանատուութիւնն ու խղճամտութիւնը օտարացած են մեզմէ։ Ամենաբարին Աստուծոյ գոյութեան միակ շօշափելի ապացոյց համարուող խիղճը պատանդուած, կալանաւորուած է։
Մեր ունեցածներուն հանդէպ հոգածութիւն չենք ցուցաբերեր, մեր բնակարանները, մեր փողոցները, մեր քաղաքնեը, սեփական հայրենիքը սրտցաւ վերաբերումի եւ գուրգուրանքի չենք արժանացներ։ Անգիտակցաբար կ’եղծանենք ու կ’ապականենք մեր ապրած միջավայրը, կը փճացնենք մեզ կերակրող արգասաւոր հողը, կ’աղաւաղենք մեզի բարիքներ շնորհող բնութիւնը, կը պղտորենք ու կը թունաւորենք մեր ըմպած, օգտագործած ջուրը…։
Արդարամտութիւնն ու պարկեշտութիւնը հազիւ յիշատակուող եզրեր են, մինչ անոնց բովանդակային ներկայութիւնը ցանկութիւններու շրջագիծէն դուրս անհնար է պատկերացնել։
Անորոշութիւնը գերիշխող է մեր իրականութենէն ներս, կերպով մը մոլորած ենք։ Թերահաւատ ենք մեր ուժերուն ու կարելիութիւններուն նկատմամբ։ Միակ կողմնորոշիչ ու նպատակ դաւանած ենք դրամը, բարեկեցութիւնը։ Մեր ժողովուրդի գերակշիռ եւ զանգուածային մէկ հատուածը աչքածակ նիւթապաշտութեան անձնատուր եղած է, բնականաբար՝ տարբեր համեմատութիւններով։
Տեւաբար պատրաստ ենք ամենայն խստութեամբ հակադարձելու, նոյնիսկ կոկորդը սեղմելու այն հէք մահկանացուին, որ կը համարձակի մեր կողմէ թոյլատրուած սխալ մը ուղղելու, մեր անպատասխանատու մէկ արարքին համար դիտողութիւն կատարելու։
Այսքան չարութիւն եւ մոլութիւն ո՞ւր կրնայ առաջնորդել մեզ։
Ի դէպ, բարիք կամեցողը կամ այլոց օժանդակել ցանկացողը Նոր Տարուան կամ որեւէ այլ բարեպատեհ առիթի սպասելու պարտաւոր չէ։ Բարեգործութիւնը կրնայ որեւէ պահու անյապաղօրէն սկսիլ եւ զայն շարունակել իր ողջ կեանքի ընթացքին։
2019 տարին անդառնալիօրէն հրաժեշտ տուած է արդէն, աշխարհը ամբողջ կը վերափոխուի, ուրեմն ինչո՞ւ չփոխուինք նաեւ մենք, վերատեսութեան չենթարկենք մեր անհատական թէ հաւաքական վարքը, կենցաղակերպը։
Անկախ այն իրողութենէն, թէ անցեալ 2019 թուականի ողջ տեւողութեան մեր փոքր երկրի մեծ յաւակնութիւններով բնորոշուող քաղաքացիները ի՞նչ գործունէութիւն ծաւալած են, այնուամենայնիւ, անվարանօրէն կրնանք հաստատել՝ թէ բոլորին ալ գլխաւոր ու հեռաւոր ձգտումը եղած է արժանապատիւ աշխատանք ապահովել եւ արժանավայել կեանք վարել՝ միշտ հետամտելով, ճգնելով, որ իրենց երեխաներու ապագան լուսաւոր, խոստմնալից ու հեռանկարային ըլլայ, իսկ պետութիւնը՝ բարձր գիտակցութեան տէր յուսալի, կարողունակ, բանիմաց եւ հոգածու ձեռքերու վստահուած։
Ուստի, մաղթենք, որ նորընծայ 2020 թուականին իրականանան մեր բոլոր երազները, կատարուին մեր բոլոր փափաքները, արդարանան մեր բոլոր սպասումները, յաջողութիւնն ու բախտաւորութիւնը անբաժան մնան մեզմէ, ցնծութիւնն ու երաջանկութիւնը համակեն մեր ողջ կենսընթացը, օրհնութիւնն ու երախտիքները ողողեն մեր երդիքները, իսկ աստուածային յոյսը, սէրն ու հաւատը մեր յաւերժական ուղեկիցները դառնան։ Մաղթենք միաժամանակ՝ որ մեր չքնաղ ու պաշտելի հայրենիքը ամենայն հեշտութեամբ ու վճռականութեամբ դիմագրաւէ տարբեր ծագերէ յայտնուող այլաբնոյթ մարտահրաւէրները, հայոց երկինքը տեւաբար անամպ մնայ եւ սահմանները՝ անառիկ։
Առանձնապէս կ’ողջունենք մեր երկրի սահմանները տիւ եւ գիշեր արիաբար ու ծայրագոյն զգօնութեամբ հսկող, պահպանող հայոց մարտունակ բանակի քաջազուն զինուորները, սպայական, շարքային ու աւագ անձնակազմը, որոնց շնորհիւ ապահովուած ու ամրակայուած են մեր հայրենի պետութեան խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը։
Վերջապէս կը մնայ մաղթել, որ Նոր Տարին վերջ տայ մեր ժողովուրդի ցաւերուն, ամրացնէ ու հզօրացնէ մեր հայրենի պետութիւնը, չարը ընդմիշտ հեռացնէ մեզմէ եւ բարութեան սերմերով բեղմնաւորէ Հայաստան Աշխարհը։
Խաչիկ Շահինեան