«Երկիր».-Ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները, օգտուելով հրամանատար Քասեմ Սուլէյմանիի սպանութեան պատճառած իրադարձութիւններէն, կը փորձեն Իրանը Հայաստանին դէմ լարել:
Քանի մը օր առաջ մեծ աղմուկ բարձրացուց այս լուրը, իբրեւ թէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սուլէյմանիի սպանութեան համար շնորհաւորած է ԱՄՆ-ն, այժմ նոր սադրանքով ազրպէյճանցիները կը տարածեն այնպիսի ապատեղեկատուութիւն, ըսելով, թէ իրանցի հրամանատարի սպանութեան գործողութիւնը մշակած է ԱՄՆ օդուժի հրամանատար Ճեֆրի Հարիգեան: Ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները պրպտումի փորձ նոյնիսկ չեն կատարած, որպէսզի իմանային, որ ազգութեամբ հայ հրամանատարին գործունէութեան տարածաշրջանը ոչ թէ Մերձաւոր Արեւելքն է, այլ Եւրոպան ու Աֆրիքան: