«Երկիր».-Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանի օրակարգին վրայ էր  «Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու  հարցը»: Նախագիծը կազմուած է իզլանտացի պատգամաւոր Տորհիլտուր Սուննա Էվարսդոթթիրի կողմէն եւ պիտի քննուի 27 Յունուարին:

Զեկոյցը կը պարունակէ լուրջ անհանգստութիւններ Ատրպէյճանի քաղաքական բանտարկեալներու հարցերուն մասին, որոնք ունին «համակարգային բնոյթ»:

2001-ին, երբ Ատրպէյճան մտաւ Եւրոպայի խորհուրդ, ԵԽԽՎ-ն կոչ ուղղեց Պաքուին «ազատ արձակելու կամ վերանայելու դատական կարգով քաղաքական բանտարկեալներու հարցը»: Սակայն այդ հարցը մինչեւ այսօր այդ երկրին մէջ արդիական կը մնայ:

Բանաձեւին մէջ առաջարկուած է, «մէկընդմիշտ լուծել քաղաքական բանտարկեալներու հարցը»: Աւելցնենք նաեւ, որ Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալ է մօտ 120 իրաւապաշտպան: