Այս անունով ծանօթ էր ան. մեր ընկերը, մեծանուն յեղափոխականը, որ երեք օր առաջ օտար հողին յանձնուեցաւ Փարիզի մէջ:
Հատ մըն ալ կ’աւելնայ նոյն հողին վրայ «հայոց մեծաց» գերեզմաններէն. հոն՝ ուր հին օրերէն կը հանգչի Կիլիկիոյ տարաբախտ ու հայրենասէր թագաւորներէն Լեւոն Զ.-ը (Սէն Տընի). իսկ Փէռլաշէզի մէջ՝ Ազգային Սահմանադրութեան հիմնադիրներէն՝ գրագէտ ու ազգային անմահ գործիչ՝ Գրիգոր Օտեանը, Հայկ. Ազատագրութեան ասպետական դէմքերէն՝ Անդրանիկ, Հայկ. Հանրապետութեան արժանայարգ վարչապետներէն՝ Ա. Խատիսեան եւ հայ գրականութեան փառքերէն՝ Ա. Ահարոնեան:
Ռուբէն, ապահովաբար, վերջին շքախումբին մօտ կ’երթայ արժանաւորապէս հանգչելու, վերջ տալով իր ալեկոծ կեանքին ու գործունէութեան, որոնք սակայն սերունդներ պիտի ոգեւորեն գերեզմանին իսկ մէջէն:
Կրակին հետ խաղացող մէկն եղաւ Ռուբէն, Հայկ. Ազատագրութեան ամէնէն յուզիչ դէմքերէն, որոնք պիտի պատահեն իրենց հմայքն ու հեղինակութիւնը՝ իրենց գործերուն մէջէն:
Անոնք որ հանդիպած են իրեն, առաջին իսկ վայրկեանէն, ներքին ցնցում մը զգացած են. նոր մարդու մը, նոր մտքի մը եւ հաւատաւոր ու սակաւախօս գործիչի մը տպաւորութիւնը ստացած են, որ մնացած է անջնջելի:
Իր լայն ու պայծառ ճակատով եւ կապոյտ ու երազուն նայուածքով, Ռուբէն կը գրաւէր իսկոյն իր խօսակիցը, որ հետզհետէ կը տա-րուէր մեծ յեղափոխականին ինքնատիպ մտքերով, որոնք իրենց պարզութեան, կարելի է ըսել՝ կէս-ըսուածքին մէջ, իմաստուն էին. իրականութեան լայն արձագանգովը եւ միշտ սրտապնդիչ: Սակաւախօս էր. խօսքի մարդը չէր, այլ գործի, այն աստիճան, որ ամէն հանդիպում իրեն հետ՝ գործի մը, նախաձեռնութեան մը կը վերածուէր:
Իր երիտասարդ օրերէն իսկ նետուած էր հայ Յեղափոխութեան կրակներուն մէջ եւ անընդհատ գործած, կռուած, կազմակերպած եւ գործի մղած ուրիշները: Վճռական, ամբողջական ու մեծ գործերու, խոշոր ծրագիրներու եւ խոր հաւատքի մարդն էր Ռուբէն: Իր ամբողջ կեանքը, ինքն իր մէջ, ամբողջական նուիրում մը եղած էր, բայց միշտ մտա-ծուած, միշտ ծրագրուած ու արժեւո-րուած նուիրում մը: Հայրենի լեռներուն վրայ ըլլայ, թէ քաղաքներուն մէջ, ֆետայիներուն հետ թէ գործիչներու, քաղաքական ու մտաւորական մարդոց հետ, նոյնն էր Ռուբէն – յանդուգն, ինքնատիպ, հետաքրքրական ու հեղինակաւոր:
Ծանօթ էր հայոց պատմութեան եւ ուսումնասիրած հին ու նոր հայութիւնը. թափանցած էր սուր մտքով, կրնանք ըսել՝ իր բնական խելքով իր ժողովուրդին արժէքներուն, բաղձանքներուն, շահերուն եւ շնորհներուն: Առանց զգացականութեան՝ կը հաւատար ան իր ժողովուրդին. անոր իրաւունքներուն ու դատին, ու կը նետուէր պայքարի մէջ, պաշտպանելու համար արդարութիւնը, որուն մարմնացումն էր իր ժողովուրդը, իր ոտնակոխուած իրաւունքներով, իր անհուն տառապանքներով: Ծանօթ էր, որեւէ մէկէն աւելի, Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներու պատմութեան, կեանքին ու արժէքներուն, եւ ճիշդ ատոր համար ալ՝ աւելի՛ խորացած էր հիացումը հայ ժողովուրդին հանդէպ: Կը ճանչնար Հայաստանը, ոչ միայն հինը, այլեւ նորը, զոր չափած էր քայլ առ քայլ, եւ ըմբռնած անոր նշանակութիւնը՝ միջազգային, քաղաքական եւ ռազմագիտական տեսակէտէն: Կը հաւատար անոր, իր ու մեր հայրենիքի ապագային: Տէրը հաստատ համոզումներու, որոնք կազմուած էին ժամանակի ընթացքին ու փորձառութեան յորդ լոյսին տակ, քաջութեամբ գիտէր պաշտպանել զանոնք, առանց մտածելու պարտութեան կամ տեղատուութեան մասին, այնպէս՝ ինչպէս կռիւներուն մէջ չէր մտածած:
Խոնարհ էր իր մեծութեան մէջ եւ մեծ՝ իր խոնարհութեան մէջ, ահա թէ ինչո՛ւ անհուն սէր ունէր խոնարհ մարդոց, գիւղացիներու, ան- գրագէտ մարտիկներու հանդէպ, որոնց նուիրումն ու զոհաբերութիւնը «Ազգի ու Հայրենիքի» հանդէպ՝ ճանչցած էր մօտէն, գործի մէջ:
Ապագային մարդն էր, ծրագիրներով տարուած շարունակ. ծրագիր՝ հայութիւնը զօրացնելու, Հայաստանը ամրացնելու, հայ ժողովուրդը համախմբելու իր հայրենիքին մէջ: Իր խառնուածքին տիրական գիծը՝ յեղափոխական էր եւ քաղաքական, մինչ մտահոգութիւնը՝ հայն ու հայրենիքը կը կազմէին: Ի՞նչպէս զօրացնել Հայաստանը. աշխատած էր եւ զօրացուցած զայն: Ի՞նչպէս հայացնել Հայաստանի բնակչութիւնը. հայացուցած էր, հանդարտ խղճով ու պետական իմաստութեամբ: Յեղափոխական էր, բայց ոչ տեսական, ոչ խօսքով: Հարկ էր կռուի՞լ, կը կռուէր. հարկ էր արի՞ւն թափել, կը թափէր, անօթի, ծարաւ, բոպիկ: Արտասովոր գիծերու մարդն էր, չնայելով որ ինք զուսպ էր ու չափաւոր իր խօսքին, գործին ու կենցաղին մէջ:
Դաշնակցական էր, տիպար ըլլալու աստիճան. կարգապահ ու զոհաբերող, յանդուգն ու պարկեշտ՝ իր վերաբերումին, իր գործերուն եւ մտածումներուն մէջ: Առանց ծուռ ու մուռ ճամբաներու, անմիջապէս նպատակին հասնելու վճռականութեամբ: Կրնանք ըսել՝ Ռուբէնը Դաշնակցութեան պատկերն էր. անոր համադրութիւնը: Հայրենասէր էր, պայքարող, իրատես ու իրականութեան զօրաւոր զգացումովը, բայց նաեւ գաղափարական, վերացական, վիպային ըլլալու աստիճան: Իրականութիւն եւ երազ ներդաշնակուած էին իր մէջ եւ կրնայիք իր մէջ տեսնել իրապաշտն ու երազայինը, երազապաշտը: Կրնայիք տեսնել զինք պաղարիւն, գործօն, դաժան ըլլալու չափ իրատես, յաջորդ վայրկեանին հաստատելու համար իր մէջ յուզումը, իսկ աչքերը՝ լի արցունքով: Զարմանալի կերպով անսասան, կարծր մտածումներ ունէր, բայց նաեւ փխրուն սիրտ ու գուրգուրոտ հոգի, որ կը մղկտար ուրիշի մը ցաւին հանդէպ:
Կ’ատէր գրելը, բայց կը գրէր՝ ոչ թէ գրականութեան համար, այլ Հայ Յեղափոխութեան դրուագները, դէմքերը փրկելու, հայութեան հոգի՛ն տալու համար, դիւցազնական գիծերու մէջ, առանց մոռնալու սակայն լոյսին հետ մութն ալ… Այս է պատճառը որ իր Յուշերուն մէջ, յաճախ դիւցազներգութեան կը հասնի, մեծ գրագէտները զարմացնելու աստիճան:
Այս մարդն է որ հողին կը յանձնենք, հայութեան, Դաշնակցութեան պատկերով, որ սակայն պիտի մնայ անեղծ:
Կրնանք ըսել իրեն համար՝ թէ իր դէմքը պիտի մեծնայ, երբ հայրենիքի հայութիւնը ազատութիւնն ունենայ խօսելու, պատմելու ազգակերտումի իր գործը:
Երբ Սասնոյ լեռները տան արձագանգը իր հերոսական խիզախումներուն.
«Ահա կանգնել է խիզախ Ռուբէնը: Տեսէ՜ք շան տղան.
Աղեղի նման ձգուել է, յարուել,
Այրուած իր դէմքը տուել է լերան,
Մի թուղթ է կարդում եւ հրաման տալիս – կտրել լեռների
Բարձրաբերձ շղթան, անցնել հովիտներ, մագլցիլ սարեր
Հասնել Մշոյ դաշտ:
– «Մեռելի ճժե՛ր՝ ձեր ոտքին մատաղ, թե՛ւ առէք տեսնեմ»:
Եւ խումբը ահա ճամբայ է ընկնում»:
(«Տատրագոմի Հարսը»)
Բանաստեղծի այս տողերուն հետ՝ անեղծ պիտի մնայ իր դէմքը, երբ անխօս գիւղացիները, քիւրտերը, մեծերն ու խոնարհները խօսին «փաշա»ի մասին, իբրեւ արտայայտութիւն յարգանքի:
Երբ Հայոց Աշխարհը ազատագրուի եւ իր հերոս ու երախտաշատ զաւակները հաւաքէ օր մը Ազգային Պանթէոնին մէջ:
Շատեր պիտի մոռցուին, նոյնիսկ մեծ մարտիկներ, անուանի մտաւորականներ, քաղաքական ու ազգային գործիչներ, բայց Ռուբէնը պիտի չմոռցուի եւ իր պատուոյ տեղը պիտի ունենայ մեր Ազգային Պանթէոնին մէջ:
Հայ մարդ մըն է որ օտար հողին կը յանձնուի, հարազատ Դաշնակցական մը, որ Ազատ հայրենիքի հիմնադիրներէն եղաւ ու պիտի մնայ, մեծ ու անմոռանալի Արամին հետ:
Փա՜ռք ու յարգանք իր քաղցր ու պանծալի յիշատակին:
«Հայրենիք», 2 Դեկտեմբեր 1951
Թիւ 12047