Լիարժէքօրէն տիպար եւ անթերի մարդ գոյութիւն չունի։
Ոչ ոք հրեշտակ է եւ երբեք ալ պիտի չըլլայ։
Այսուհանդերձ չկայ մէկը, որ անպայման օժտուած չըլլայ այլաբնոյթ դրական յատկանիշներով եւ առաւելութիւններով, զորս կարելի է ծառայեցնել օգտակար նպատակներու եւ ծրագիրներու։
Ընկերային փոխյարաբերութիւններու գլխաւոր դժուարութիւններէն կը հանդիսանայ այն, որ մարդիկ երբ կը փորձեն իրենց շրջապատէն որեւէ անհատ կամ մահկանացու արժեւորել, առաջին հերթին եւ գլխաւորաբար կ’անդրադառնան անոր թերութիւններուն, տկարութիւններուն, բացասական կողմերուն… Աւելին, անոնք դիտաւորապէս եւ ամէն գնով կը ճգնին ենթակային գործունէութիւնն ու վարքը լոյսի բերել տեղի եւ անտեղի մանրամասնութիւններ արծարծելով, իբրեւ թանկարժէք յայտնագործութիւններ այնտեղ մատնանշել առկայ կամ անգոյ սխալներ, յոռի յատկութիւններ եւ շեղումներ, ապա տարբեր միջոցներով թաքուն թէ հրապարակաւ վատաբանել անոր հասցէին, վարկազրկել զայն։ Այս ընթացքին անհանդուրժողութեամբ եւ քմահաճօրէն կ’արհամարհուին անուրանալի արժանիքներ, կը ստորագնահատուին բարենպաստ առանձնայատկութիւններ, անոնց բացայայտ առկայութիւնն իսկ համարելով սովորական, անյիշարժան։
Անհատական փոխյարաբերութիւններու հարթակի վրայ, ներկայիս այս երեւոյթը դարձած է ընդհանրական եւ գերիշխող։ Աշխատաւորը կամ պաշտօնեան անընդհատ կը քննադատէ իր մեծաւորը, կը նսեմացնէ անոր կարողութիւնները։ Իսկ պատասխանատուն կամ տնօրէնը, իր կարգին, կ’անտեսէ իրեն ենթակայ բանուորներն ու աշխատակազմը, ուրանալով կամ թերագնահատելով անոնց ընդունակութիւններն ու նպաստը տարուած աշխատանքին կամ ձեռքբերուած յաջողութեան։
Բոլոր պարագաներուն մարդիկ կը վնասեն իրենց անձերուն եւ սեփական յաջողութեան, կ’իրաւազրկեն իրենք զիրենք։ Անոնք փոխադարձ արհամարհանքով, իրարամերժութեամբ եւ անիրատեսութեամբ կը մոռնան, որ իրենց ակնարկած թերիները, կատարած նկատողութիւնները անհատական բնոյթ ունին եւ մօտէն թէ հեռուէն ոչ մէկ ձեւով աղերսուած են առաջադրուած գործունէութեան կամ պաշտօնին։
Տարօրինակն այն է, որ բոլորս ալ այլոց գործերը կը կշռենք, կը դատենք խստագոյն, բացարձակ չափորոշիչներով, կարծես հրեշտակներ, սուրբեր կամ գերմարդիկ ըլլային անոնք, մոռնալով մենք մեզ, անգիտանալով մանաւանդ որ նոյն չափանիշները ի զօրու կամ կիրառելի պէտք է ըլլան նաեւ մեզի՝ մեր ընթացքին, մեր վերաբերումին եւ մեր գործունէութեան համար։
Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, մարդկային կարողականութիւններ եւ բարեմասնութիւններ նժարի կը դրուին հետեւեալ երեք դիտանկիւններով.
– Առաջին՝ թէ անհատը ինչպէ՞ս կը գնահատէ ինքզինք եւ իր գործերը։
– Երկրորդ՝ թէ մարդիկ եւ շրջապատը ինչպէ՞ս կ’արժեւորեն իր աշխատանքը։ Իբրեւ մարդ, իբրեւ ընկերութեան գործուն եւ օգտակար մէկ անդամ ի՞նչ կշիռ կը ներկայացնէ կամ ի՞նչ վարկ կը վայելէ ան։
– Երրորդ՝ թէ ի՞նչ կ’արժէ ինք իրողապէս, եւ ի՞նչ են իր իսկական հնարաւորութիւնները։
Առհասարակ տարբերութիւնն ու անջրպետը անկամրջելի տարողութեամբ մեծ կ’ըլլան երեք տեսանկիւններուն միջեւ, մեր մօտեցումներու եւ արժեւորումներու մէջ առարկայականութեան եւ իրաւախոհութեան բացակայութեան պատճառով։
Նոյն երեւոյթին պիտի հանդիպինք, եթէ անհատականէն անցնինք հաւաքական դաշտ, քննարկելու համար հաստատական կառոյցներու իրավիճակն ու գործունէութիւնը։
Արդարեւ, հասարակական ծառայութեան կոչուած որեւէ միութեան կամ հաստատութեան ղեկավարութիւն ստանձնած վարչախումբ, երբ հաշուետուութեան կը հրաւիրուի, իրականացած գործունէութեան վարդագոյն եւ լուսաւոր բաժինը կը ներկայացնէ միայն, թուելով բազում ձեռքբերումներ եւ յաջողութիւններ, հիմնարկի կամ ընկերակցութեան կացութիւնը բնութագրելով առողջ, գօտեպնդիչ եւ բարեյոյս։ Մինչդեռ՝ նոյն կառոյցի մասին եթէ հետաքրքրուինք պատասխանատու կամ տնօրինող կազմէն դուրս որեւէ անդամէ կամ պաշտօնեայէ, պատասխանը պիտի ըլլայ բոլորովին ներհակ, 360 աստիճան շրջուած, եւ ամէն ինչ պիտի հրամցուի գորշ, տխուր, մտահոգիչ եւ յուսահատական պատկերով։
Այս վերջինները պիտի չվարանին առաջ քշել համանման արդիւնաբերութեամբ զբաղող տեղական թէ օտար զանազան հաստատութիւններու օրինակը, ներբողել ու ջատագովել այլոց նուաճումները, ապա բաղդատական եզրեր որոնել մրցակից եւ սեփական ձեռնարկութիւններու միջեւ, անշուշտ միշտ արդիւնքը եզրակացնելով ի նպաստ օտարին կամ մրցակիցին։
Այսպէս՝ ընկերութենէն ներս ղեկավար խաւ թէ հասարակութիւն, տնօրինողներ թէ աշխատաւոր դաս, որեւէ գործունէութեան կամ նուաճումի գնահատման պարագային հանդէս կու գան հակադիր եւ անհամատեղելի տեսակէտներով եւ դիրքորոշումներով, մինչ ճշմարիտ կացութիւնը եւ ճշգրիտ արժէքը փարսախներով հեռու կը մնան վերոյիշեալ զոյգ կողմերու եզրայանգումներէն։
Ուրեմն՝ երբ հարցը կը վերաբերի ուրիշին, արժեւորման մեր կշռաչափերը կ’ըլլան առաւելագոյնս բծախնդիր, պահանջկոտ եւ աններող, մեր թիրախները համարելով արտասովոր էակներ։ Միւս կողմէ՝ ծայր աստիճան բարեացակամութիւն եւ ներողամտութիւն կը ցուցաբերենք, երբ խնդիրը առնչուած է մեզի՝ մեր անձին, ինչ որ կողմնակալ, անահաւասարակշիռ, անարդար եւ մեղադրելի վարքագիծ կը համարուի։
Ամէն ոք դիմացինէն կատարելութիւն կը պահանջէ։ Բոլորս ալ կ’ակնկալենք՝ որ առաջնորդ ղեկավարէն, տնօրէնէն սկսեալ մինչեւ համեստ պաշտօնեաներ, մինչեւ վարորդ, պահակ եւ սպասարկող տնտես անսխալական եւ անթերի ըլլան, առաքինի եւ հրեշտականման վարք դրսեւորեն, բայց մենք մեզ այդ նախապայմաններէն կամ պարտաւորութիւններէն ամենեւին ազատ եւ անմաս կը նկատենք։
Երբ որեւէ անձնաւորութիւն պատասխանատու կամ ղեկավար պաշտօնի կը հրաւիրուի, ողջ ընկերութիւնը կը փութայ նուաստացնելու զայն, թուելու անոր մոլորութիւններն ու սայթաքումները… ամէն կողմէ անոր հասցէին կը տեղան սլաքներ, ցեխարձակումներ, քննադատութիւններ եւ մեղադրանքներ, կը մատնանշուին ենթակայի անկարողութիւնը, անարժանութիւնն ու անփառունակ անցեալը, հարցականի տակ կ’առնուին անոր պարկեշտութիւնը, արդարամտութիւնն ու հեղինակութիւնը… կարճ խօսքով, անոր կը զլացուին ամէն բարեմասնութիւն եւ յուսատու յատկութիւն, որոնց շեշտ անհրաժեշտութիւնն ու կարիքը այնքան հրատապօրէն կը զգացուին։
Ոչ ոք կատարելութիւն եւ անթերիութիւն կրնայ դաւանիլ։ Ոչ մէկը կրնայ յաւակնիլ որ ինք հրեշտակ մըն է կամ օր մը այդպէս կրնայ ըլլալ։ Հետեւաբար՝ իմաստութիւնն ու պայծառատեսութիւնը կը թելադրեն, որ մեզ շրջապատողներ եւս նման դժուար ու գրեթէ անկարելի պահանջներու առաջ չդնենք, առաքելատիպ եւ իտէալական վարքագիծ ակնկալելով անոնցմէ։
Խաչիկ Շահինեան