Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլբակեան կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող ՀՀ խումբի մասնագէտները 16 Յունուարին, Հալէպի հիւանդանոցին փոխանցած են դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ:
Սուրիական կողմը անգամ մը եւս յայտնած է հայկական մարդասիրական խումբին գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ երախտագիտութիւն յայտնած է: Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի բժիշկները 8 Փետրուար 2019-էն մինչեւ 16 Յունուար 2020 բուժած են 13 հազար 680 հիւանդ: Ականազերծները ականազերծած են 126 հազար քառակուսի մեթր տարածք:
Մարդասիրական առաքելութիւնը ցարդ կը շարունակուի: