ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Ասիոյ ախոյեանական մրցումներու շրջագիծին մէջ, Սուրիոյ ողիմ-պիական հաւաքականը 2-1 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Ճափոնի խումբը։ Սուրիոյ հաւաքականը 2-2 հաւասարութեամբ աւարտեց նաեւ Քաթարի հետ իր խաղը:
– Հալէպի նահանգապետն ու Պաաս կուսակցութեան Հալէպի գրասենեակի պետը դիմաւորեցին Իթթիհատի պասքեթի խումբը, որ վերջերս տիրացաւ Սուրիոյ հանրապետական բաժակին:
– Հալէպի Իթթիհատը եւ Հոմսի Ուասպէն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Տուպայի մէջ կայանալիք պասքեթի միջազգային մրցաշարքին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԽՈՐԷՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՀՖՖ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ
Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութեան կայքէջէն տեղեկացանք, որ Հայաստանի 20-րդ դարու լաւագոյն ֆութպոլիստ Խորէն Յովհաննէսեան իր 65-րդ տարեդարձին առիթով պարգեւատրուած է Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութեան բարձրագոյն շքանշանով: Պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութեան Գործադիր Կոմիտէի նորընտիր անդամները: ՀՖՖ նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց հայկական ֆութպոլին մեծ ներդրում բերած երէց ֆութպոլիստները մեծարելու անհրաժեշտութիւնը:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

 

ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՍՊԱՆԻՈՅ ՍՈՒՓԸՐԻ ԲԱԺԱԿԱԿԻՐ
Կիրակի երեկոյեան Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ճատտէի մէջ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ Սուփըր բաժակի աւարտական մրցումը՝ մատրիտեան Ռէալ եւ Աթլեթիքօ խումբերուն միջեւ: Ռէալի խաղացողները մրցումը սկսան յարձակողական ախորժակով եւ կրցան վտանգի ենթարկել Օպլաքին դարպասը: Երկրորդ կիսախաղին Աթլեթիքոյի մարզիկները աշխուժանալով յաջողեցան հասնիլ Քորթուայի դարպասին, բայց բերդապահը ետ մղեց բոլոր գնդակները: Հանդիպումի հիմնական ժամանակաշրջանը 0-0 հաւասար աւարտելէ ետք, խումբերը խաղացին յաւելեալ ժամանակ մը եւս, ուր փոխն ի փոխ իշխեցին խաղարկութեան: Նախքան հանդիպումին աւարտը, Ռէալի խաղացող Վալվերտի յաջողեցաւ դադրեցնել Մրաթայի յարձակումը, որուն հետեւանքով ստացաւ կարմիր քարտ եւ խումբը հանդիպումը շարունակեց տասը մարզիկով: Տուգանային հարուածներու անցնելով, Զիտանի խաղացողները յաջողեցան յաղթական աւարտել մրցումը՝ 4-1 արդիւնքով եւ տիրանալ Սպանիոյ Սուփըր բաժակին: Աւելցնենք, որ պատմութեան մէջ այս առաջին անգամն էր որ Սուփըրի աւարտական մրցումը վերջ կը գտնէր տուգանային հարուածներով:
ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՈՂՈՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ 2024-ԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ Հ. ՔՈՐԻԱՅԻ ՄԷՋ
Կիրակի օր յայտարարուեցաւ, որ ձմեռնային պատանեկան ողիմպիական խաղերը 2024 թուականին տեղի պիտի ունենան Հարաւային Քորիայի Քանքվոն նահանգին մէջ: Ըստ տեղեկութիւններուն, միջազգային ողոմպիական կոմիտէի 135-րդ նստաշրջանի նիստին, ՄՈԿ-ի նախագահ Թոմաս Պախ յայտարարած է հիւրընկալ երկիրին անունը: Հարաւային Քորիայի այս քաղաքը միակ թեկնածուն եղած է պատանեկան խաղերը հիւրընկալելու համար: Կազմակերպիչ կոմիտէն մտադիր է օգտագործել 2018 թուականի ձմեռնային ողոմպիական խաղերու յատուկ կառոյցները: Յիշենք, թէ պատանեկան ձմեռնային ողիմպիական առաջին խաղերը տեղի ունեցան 2012-ին:
ԼՈՒԻՍ ՍՈՒԱՐԷԶ ՉՈՐՍ ԱՄԻՍ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ
Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնա ակումբի բժիշկը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ խումբի յարձակող ուրուկուէյցի խաղացող Լուիս Սուարէզ չորս ամիս պիտի բացակայի խումբի մրցումներէն ծանրօրէն վիրաւորուած ըլլալուն համար: Ան խաղադաշտ պիտի վերադառնայ Մայիսի աւարտին: Սուարէզ Աթլեթիքօ Մատրիտի Սպանիոյ Սուփըր գաւաթի մրցումին ենթարկուեցաւ հարուածի մը , եւ այդ վիճակով շարունակեց մրցումը մինչեւ աւարտ:Ան ներկայ տարեշրջանին Պարսելոնային հետ մաս կազմեց 23 մրցումի եւ նշանակեց 14 կոլ:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան