«Թերթ».-Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատունը հերքած է թրքական թերթի այն տեղեկութիւնը, ըստ որուն` Մոսկուան կը ծրագրէ ճանչնալ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը:
«Հրապարակումը չի համապատասխաներ իրականութեան», РИА Новости-ին յայտնած են դեսպանութենէն: