Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքը համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրօն կը մասնակցի Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններուն աշխատանքը համակարգող խորհուրդի ամէնամեայ ընթրիքին:
Այս տարի հայ համայնքի ամէնամեայ ընթրիքը տեղի պիտի ունենայ 29 Յունուարին: Մուրատ Փափազեան տեղեկացուց, որ նախաձեռնութեան պատուույ հիւրն է թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամ:
Ընթրիքը նախատեսուած է Փարիզի «l’Hւtel du Collectionneur» ին մէջ: Ընթրիքի ընթացքին կ’ակնկալուի Ֆրանսայի նախագահին ելոյթը:
Ծանօթ է, որ աւանդական դարձած իւրաքանչիւր ընթրիքի կը մասնակցին Ֆրանսայի նախագահը, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալքօն, կառավարութեան անդամներ, խորհրդարանականներ, Ֆրանսայի պետական եւ տեղական իշխանութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ հոգեւոր հայրեր: