Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը 15 Յունուարին ի վերջոյ Ծերակոյտի տրամադրութեան յանձնեց նախագահ Թրամփը մեղադրող զոյգ բանաձեւերը, որոնք ճամբայ կը հարթեն անոր դատավարութեան բացման, նախատեսուած՝ Երեքշաբթի, 21 Յունուարին։
Ներկայացուցիչներու Տունը Թրամփը ամբաստանող բանաձեւերը քուէարկութեան դրած ու որդեգրած էր ամիս մը առաջ, բանալով… ներքին քաշքշուքի փուլ մը, որ արտաքին բեմին վրայ յատկանշուեցաւ «աշխարհասասան» ու «պատմական» մէկէ աւելի իրադարձութիւններով, որոնք ամերիկեան ու աշխարհի մամուլին առիթ տուին անսպառ մեկնաբանութիւններու։ Ամերիկեան քաղաքական կեանքն ու անոր առանցքին շուրջ դարձող աշխարհը նախ տարուեցան այն բանավէճերով, որոնք հրապարակը ողողեցին Թրամփը դատել-չդատելու ընտրանքներով։ Ճակատաբացօրէն հակադրուելով Ներկայացուցիչներու Տան որոշումին (դեմոկրատները մեծամասնութիւն են այդ ժողովին մէջ), Ծերակոյտի նախագահն ու բազմաթիւ կուսակիցներ (Ծերակոյտին մէջ ալ հանրապետականները մեծամասնութիւն են) բացայայտ դարձուցին, որ իրենց քայլերը պիտի համակարգեն Սպիտակ Տան հետ, տրամադիր չեն նախագահը դատելու (ալ ո՜ւր մնաց անոր պաշտօնազրկման մասին մտածելու, եւ ի՜նչ փոյթ, որ իսկական ժողովրդավարութիւնը կը թելադրէ, որ ժողովուրդի ներկայացուցիչ խորհրդարանը ըլլայ գործադիրը հաշիւի կանչող հեղինակութիւնը)։ Այլ խօսքով, դատավարութիւնը պիտի ըլլայ ձեւական բան մը (ամերիկեան բառամթերքով՝ «կապիկի դատարան»). հանրապետական ծերակուտականները մինչեւ իսկ տրամադիր չեն վկաներ հարցապնդելու՝ ստուգելու համար, թէ Թրամփի վերագրուած ու փաստարկուած մեղադրանքները ճի՞շդ են, թէ՞ յերիւրածոյ, չափազանցուա՞ծ, կամ՝ անբաւարար՝ զայն մեղադրեալի աթոռին նստեցնելու։
Փաստօրէն, ամիսներ, չըսելու համար Թրամփի Սպիտակ Տուն մուտքէն ասդին ծայր առած բանավէճը թեւակոխեց նորագոյն փուլ մը, որ առատ զբաղում կը հայթայթէ մամուլին հետեւողներուն ու… կատակաբան երգիծողներուն, առանց իսկապէս ժողովուրդին «փոր կշտացնելու»։
***
Բանաձեւին որդեգրումէն մինչեւ Ծերակոյտ հասնիլը, ինչպէս նշեցինք, յատկանշուեցաւ քանի մը ուշագրաւ իրադարձութիւններով, որոնցմէ մաս մը ահագին լուսարձակ խլեցին, իսկ ուրիշներ մնացին շուքի մէջ։ Արձանագրենք մէկ քանին։
Ա. Թրամփ Ամանորէն քանի մը օր ետք, 3 Յունուարին, անակնկալ «նուէր» մը տուաւ Իրանի, Իրաքի ու ամբողջ աշխարհին, հրահանգելով սպանութիւնը Իրանի ամէնէն բարձրաստիճան զինուորականին. սպանուեցան նաեւ անոր ընկերացող իրանցի եւ իրաքցի բարձրաստիճան զինուորականներ։ Թրամփ եւ իր «երգչախումբը» այս արարքը պաշտպանեցին յայտարարելով, որ իրանցի զինուորականը՝ Քասէմ Սիւլէյմանի, «աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր ահաբեկիչն» էր, անոր կողմէ դաւեր նիւթուած են ամերիկեան դեսպանատուներու եւ այլ թիրախներու դէմ, գործադրութիւնը կը նախատեսուէր «անմիջականօրէն»։ Ի յայտ եկաւ, որ նախագահը այդ քայլին դիմած էր, հետեւելով «որոշ տուեալներու եւ տեղեկագիրներու», որոնց մասին գաղափար չունէին այլ պատասխանատուներ, ոչ ալ խորհրդարանական այն շրջանակները, որոնց իրաւասութեան մէջ կ’իյնայ նման իրականութիւններէ տեղեակ ըլլալ։ Յետոյ, բացայայտ դարձաւ, որ «անմիջական վտանգ» ըսուածը շատ անորոշ բան էր, խորքին մէջ, Թրամփ եւ իր ետին կանգնողները Սիւլէյմանիի սպանութեան որոշումը տուեր էին ամիսներ առաջ, Թրամփ գործած էր ինքնագլուխ, առանց հաշուի առնելու, որ նման քայլ կրնայ Իրանի դէմ պատերազմական արարք նկատուիլ եւ… ամբողջ Միջին Արեւելքին պարգեւել համապարփակ դժոխք մը, տարբերակը այն մասնակի դժոխքներուն, որոնք շուրջ 9 տարիէ ի վեր մասնավճարներով կը հրամցուին «Արաբական գարուն» անուան տակ…։ Ներկայացուցիչներու Տունը փութաց նոր բանաձեւ մը քուէարկել, որպէսզի Թրամփի արգիլուի նման ինքնագլուխ քայլեր առնել, իսկ կարգապահ նախագահն ալ յայտարարեց, որ ինք հլու գործադրողն է օրէնքին ու յաջորդ քայլերը պիտի առնէ համապատասխանաբար։ Սակայն ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ «անհաւասարակշիռ» ու «անհակակշռելի» նախագահը հաստատ պիտի մնայ իր խոստումին վրայ, որովհետեւ ան քանիցս ապացուցած է իր յեղյեղուկ տրամադրութիւնը, այսօրուան որոշումը վաղը դրժելու «քաղաքականութիւնը» (մամուլը չէ ձանձրացած անոր սուտերուն հաշուեկշիռը պահելէ)։ Իրանի հակադարձութիւնն ալ մնաց սահմանափակ, գործնապէս ցոյց տալով, որ պատերազմ չուզելու Թեհրանի վարիչներուն խօսքերը համապատասխան են իրենց գործին, նաեւ փարոս կը հանդիսանան շրջանի իրենց համախոհներուն։
Ամերիկեան յարձակումին լուսանցքին արձանագրուած մէկէ աւելի զարգացումներ՝ ամերիկեան ուժերու Իրաքէն հեռացման Պաղտատի խորհրդարանին որոշումը, ուքրանական օդանաւի մը վար առնուիլն ու ստեղծած հետեւանքները, Իրաքէն չհեռանալու, ընդհակառակն՝ հոն նոր ուժ ղրկելու եւ իրաքեան բանակին հետ զինավարժութիւնները վերսկսելու ամերիկեան նախաձեռնութիւնները ի յայտ բերին, որ 3 Յունուարի դէպքը համազօր չէր այն իրադարձութեան, որ աւելի քան 18 տարի առաջ տեղի ունեցած էր ամերիկեան հողի վրայ, 11 Սեպտեմբեր 2001-ին։ Զուր անցան այն մեկնաբանութիւնները, եւ՝ բարեբախտաբար, թէ՝ Սիւլէյմանիի սպանութիւնը համազօր է Նիւ Եորքի ու Ուաշինկթընի վրայ գործուած յիշեալ յարձակումներուն եւ իր աւարտական փուլին կը հասցնէ՝ Իրանը վախճանակէտ նկատող «ամերիկեան ծրագիրները»։ Յայտնապէս, տեղ մը տակաւին կան իմաստուն եւ շրջահայեաց մարդիկ, որոնք ռազմատենջերուն սանձը քաշելու մասին կը մտածեն եւ կը կշռադատեն, որ Իրանի դէմ պատերազմի շղթայազերծումը՝ կրնայ համապատասխան չըլլալ ոմանց հետապնդած շահերուն, այլ վերածուիլ շատ աւելի վնասաբեր զարգացումի։ Անոնք հաւանաբար ականատես էին, օրինակի համար, Իրան-Ռուսիա-Չինաստան միացեալ ռազմափորձերուն, որոնք տեղի ունեցան յիշեալ դէպքի նախօրեակին, Ծոցի շրջանին մէջ։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս ալ մասնակի հակադարձութիւն մըն էին անոնց՝ ուժի ցուցադրութեան իմաստով, որովհետեւ թէ 3 Յունուարի դէպքէն առաջ, եւ թէ մանաւանդ անկէ ետք, Իրանի եւ Ծոցի երկիրներու միջեւ տեղի ունեցան հաղորդակցութիւններ, որոնք ամերիկեան լուսարձակներ չգրաւեցին, սակայն չէին կրնար աննկատ անցնիլ բոլորովին։ Յետոյ, ո՞վ կրնայ թափանցել վարագոյրներու ետին՝ իսկական սակարկութիւններու խոհանոցներէն ներս…
Ուշագրաւ երեւոյթ մը պարզուեցաւ Սիւլէյմանիի սպանութենէն ետք, ամերիկեան թատերաբեմին վրայ։ Մինչեւ իսկ Թրամփի պաշտպանութեան նախարարը եւ հանրապետական խորհրդարանականներ դժգոհութիւն արտայայտեցին ռազմատենչ ընթացքին համար, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով հաստատելով, որ իրանցի զինուորականին վերագրուած մեղադրանքները այդքան ալ ճիշդ չէին, իրականութեան մէջ, ան ո՛չ թէ «աշխարհի թիւ մէկ ու ամէնէն վտանգաւոր ահաբեկիչն»էր, այլ ընդհակառակն՝ տարիներ շարունակ պայքարած է «Իսլամական Պետութիւն» կոչուած եւ բոլորին կողմէ անվիճելիօրէն ահաբեկչական խմբաւորում ընդունուած հրոսակախումբին դէմ։ Քանի մը ամիս առաջ, նման դիմաշրջում արձանագրուած է նոյն հրոսակախումբերուն դէմ ճակատող քիւրտերուն հանդէպ, որոնք մէկ օրէն միւսը՝ դաշնակից-զինակիցի դերէն նետուեցան լքեալի խրամատին մէջ, յետոյ, քարիւղի հորերուն պաշտպանութպան խորագիրին տակ գործակցութիւնը վերականգնեցաւ առանց մեծ աղմուկի…։ (Պէտք չէ մտահան ընել, որ ոճրագործ հրոսակախումբին շնորհուած է «սիւննի» գունաւորում, Իրան ծանօթ է իր շիի ինքնութեամբ, անդին, բազմաթիւ փաստացի վկայութիւններ արձանագրուած են, որ իբրեւ սիւննի ճանչցուած Թուրքիան կը կանգնի այդ ահաբեկչական խմբակներուն ետին, զանոնք կը գործածէ ի շահ իր ծրագիրներուն՝ ընդդէմ Սուրիոյ, քիւրտերուն եւ անուղղակիօրէն նաեւ Իրանի, հոգ չէ թէ մերթ ընդ մերթ անոր հետ մերձեցում կը խաղայ)։ Այս բոլորով, չենք կրնար հալած իւղի պէս ընդունիլ սիւննիշիի վերագրումները, որովհետեւ երկար տեւողութեան վրայ դիտելով իրականութիւնները, աշխարհը տեսած է, պէ՛տք է տեսնէ, թէ ո՛չ իսկական սիւննին, ոչ ալ շիին, ալեւին կամ այլ համայնքներ-ժողովուրդներ համախոհ են ահաբեկչական խմբաւորումներուն, այլ ընդհակառակը, բոլորն ալ, առաւել կամ նուազ չափով, վնասուած են այդ խմբաւորումներէն, տեսած են, թէ ո՛վ է զանոնք իսկապէս շահագործողն ու զինողը, Իրաքի, Սուրիոյ մէջ եւ այլուր՝ տուեալ երկրին ու անոր ժողովուրդին դէմ շարժման մէջ դնողը, գաղթականներու ալիքներ յառաջացնողը։ Սուրիոյ Իտլիպը տակաւին ապրող-ահաբեկուող օրինակ է…
Ակներեւ մեկնաբանութիւններէն մէկն ալ այն էր, որ Թրամփի ու ընկերակիցներուն ետին կանգնողները կը փորձէին անգամ մը եւս ամերիկեան ուժերը արձակել աննախատեսելի հետեւանքներով յղի արկածախնդրութեան մը մէջ, իշխանաւորները առաջնորդելով սուտերով, նման այն սուտերուն, որոնք «փարոս» հանդիսացած են նախընթաց ահաւոր պատերազմներուն, սկսելով Վիեթնամէն, անցնելով Իրաքի առաջին եւ երկրորդ պատերազմներէն ու հասնելով «Արաբական Գարուն»նեը հիւրընկալողներուն։ Յիշեցում կատարուեցաւ, որ 30 տարի առաջ ալ, հայր Պուշ եւ իր խմբակը ամերիկացի ժողովուրդն ու խորհրդարանը խաբեցին՝ Իրաք-Քուէյթ հակամարտութիւնը սարքելով ու Քուէյթի մէջ «իրաքեան ոճիրներ» բեմադրելով, իսկ 11 Սեպտեմբերի պատմական դէպքէն ետք, որդի Պուշն ու իր խմբակն էր երկիրը Սատտամ Հիւսէին դէմ պատերազմի մէջ նետողը, հաւաստելով, որ ան կրնայ իր (չունեցած) կորիզային զէնքերով յարձակիլ Միացեալ Նահանգներու վրայ։ Վերջապէս, Թրամփի ու անոր նախորդներուն քննադատները կը նկատեն, որ ինչպիսի «հեռատեսութեամբ» կը շարժի ամերիկեան վարչամեքենան, կամ՝ վարագոյրներու ետեւի խոհանոցներէն՝ զայն շարժման մէջ դնողները, որովհետեւ ո՛չ Սատտամ Հիւսէյնի, ո՛չ Ուսամա Պըն Լատէնի, ո՛չ Քազզաֆիի, եւ ոչ ալ Ապու Պաքըր Պաղտատիի նման դէմքերու չէզոքացում (ի դէպ, զանոնք բոլորը նոյն ակնոցով դիտելն իսկ սխալ տեղ կ’առաջնորդէ դէպքերուն հետեւողը) ծառայած են Միացեալ Նահանգներն ու աշխարհը աւելի ապահով դարձնելու յոխորտանքներուն, ընդհակառակն, կարգ մը «թիւ մէկ»երու հրապարակէն հեռացումը ծանրացուցած է քաոսային վիճակը, որ, խորքին մէջ, իսկական նպատակակէտն է Թրամփներու, Փոմփէոներու, Օպամաներու եւ անոնց դերերուն բաժնեկիցներուն ետին գտնուողներուն, որոնք կը շարժին բացարձակապէս շահու հետամտութեամբ, անոնց համար մարդկային կեանքերը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն, միլիոններու սպանդը, գաղթական դառնալն ու ողբերգական վիճակներու մատնուիլը ոչինչ կ’ըսեն։ Այդ «անտեսանելի բեմադրիչ»ներուն համար կարեւորը՝ զէնքերու վաճառքին ընդարձակումն է, քարիւղի եւ այլ պահեստներու կողոպուտը, շուկաներ իրարու ձեռքէ խլելը։ (Սա անմեղութեան կամ բարի վարքի վկայագիր չի շնորհեր վարագոյրին առջեւ երեւցող դերակատարներուն)։
Բ. Թրամփի կառավարութիւնը քանի մը օրուան մէջ վերիվայր շրջեց Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու պատկերը։ Չինաստանը, որ տնտեսական պատժամիջոցներու, թշնամական վերաբերմունքի եւ ծանր ամբաստանութիւններու թիրախ էր երկար ատենէ ի վեր, յանկարծ շահեցաւ բարի վարուց վկայագիր։ Թրամփ հաւանաբար Նիքսընը յիշեց այլ իմաստով, եւ ո՛չ միայն անոր պաշտօնազրկման պատճառ դարձած գայթակղութեամբ։ Ի վերջոյ, Նիսքընը չէ՞ր, որ Չինաստանի հետ մշակած էր «փինկ-փոնկ»ի քաղաքականութիւն, հարթելով Չինաստանի «բարեշրջման» ուղին, որ այսօր այդ համայնավար երկիրը վերածած է ամէնէն դաժան դրամատիրութկեան բեմի ու… զոհի։ Իսկ նոյն գիծին վրայ, Հիւսիսային Քորէայի հետ Թրամփի խեղկատակ վարմունքը կը քողարկէ զինք շարժողներուն մէկ այլ խաղը։
Գ. Վերոյիշեալ մեծ զարգացումներուն հետեւողներուն ուշադրութենէն չվրիպեցաւ, որ Ուաշինկթըն սկսած է առերեւոյթ դուրս իյնալ Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր տարուող կարգ մը մեծ խաղերէ։ Օրինակի համար, Ռուսիա քանի մը քայլ առաւ Եւրոպայի հետ գործակցութեան – եւ իր շահերը յառաջ տանելու-ճամբուն վրայ, մէկ կողմէ՝ դէպի Գերմանիա վառելանիւթ հասցնող խողովակին, միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ վրայով վառելանիւթի խողովակաշարի ծրագիրներուն իրականացումով։ Անդին, Թուրքիա յանկարծ ինքն իրեն վերապահեց Լիպիոյ մէջ խաղաղարար կողմէ դերակատարութիւն մը, որոշեց բանակային ուժեր տրամադրել միջազգային ճանաչում վայելող՝ Լիպիոյ իշխանութեան, ընդդէմ Զօր. Հաֆթարի հակակշիռին ենթակայ գօտիին։ (Ի դէպ, ոմանք հանելուկային կը նկատեն Լիպիոյ բեմին զարգացումները, նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ հետ այնքա՜ն մերձեցում իրականացուցած Ռուսիան, Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի այլ երկիրներու հետ կը կանգնի Հաֆթարի կողքին։ Հանելուկին պատասխանը մէկ բառ է. զտարիւն շահ…)։ Ըսինք՝ առերեւոյթ դուրս իյնալ, որովհետեւ քիչ մը խորաթափանց քննարկումով դիտողը կը հասնի  այն ճշմարտութկեան, որ շարժումները կը նախաձեռնուին պետութիւննե՛րը վարող՝ «անպետական ուժեր»ու կողմէ։
Դ. Լուսարձականերէ հեռու ինկած-պահուած զարգացումներէն մէկն ալ՝ Մեքսիքայի սահմանին վրայ կառուցուող պատի պիւտճէին հսկայական վերելքն է։ Ըստ որոշ աղբիւներու, 5 միլիառ տոլարի պիւտճէով ճամբայ հանուած ծրագիրին նորագոյն պահանջները հասած են… 18 միլիառի։
***
Կարելի է շարունակել 2019-էն 2020 անցումի օրերու «միջանկեալ» իրադարձութեանց թւումն ու անոնց շուրջ մեկնաբանութիւններու ցուցակագրումը, սակայն բացայայտ է, որ յառաջիկայ օրերուն ու շաբաթներուն, եւ մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրապայքարի լիարժէք բացումը, ամերիկեան ու միջազգային բեմերուն վրայ Թրամփի դատավարութեան գործընթացը պիտի գրաւէր կարեւոր տեղ մը։ Մասամբ արդարացան այն տեսակէտները, որ Իրանի եւ այլոց հետ ամերիկեան թղթածրարներու «պեղումով», Թրամփ եւ գործակիցներ պահ մը յաջողեցան դատավարութեան հարցը հեռու պահել լուսարձակներէ, սակայն շիշէն դուրս փախած «կախարդական հսկան» ահա վերստին կը կոչուի իր դերին։
Այս բոլորին ի տես, եւ ականջալուր մնալով այս ու յառաջիկայ իրադարձութիւններուն, մեզի՝ հայերուս համար կենսական հարց է, բնականաբար, Հայաստանն ու այդ բոլորին հաւանական անդրադարձները՝ մեր հայրենիքին վրայ։ Հաւանաբար Ռուսիոյ իշխանութեան բարձրագոյն մակարդակին վրայ արձանագրուող եղափոխութիւնները նմանապէս կրնան որոշ անդրադարձ ունենալ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ Ռուսիոյ ներգործութիւնը «վայելող» այլ գօտիներու վրայ։ Հետեւաբար, աւելի քան հրամայական է, որ մեր պետական, քաղաքական-կուսակցական այրերը ամենայն զգուշաւորութեամբ ու շրջահայեացութեամբ քայլ պահեն վտանգաւոր կամ վտանգներու մեղմացումը ցոյց տուող զարգացումներուն հետ, հակաճառութիւններու եւ վիհերու խորացումէ խուսափելով՝ ճիգ ընեն ձեռքերու միացման, ուժերու մէկտեղման ու կարողականութեանց համակարգումին, համադրումին։
…Կայ, անշուշտ, ամերիկեան յառաջիկայ ընտրադաշտը, ուր օրին մուտք գործելու համար, պէտք է օժտուած մնալ գո՛նէ նորագոյն զարգացումներու յիշողութեամբ։
Սարգիս Մահսերէճեան