ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին հրաւէրով 22 Յունուարին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ խորհըրդակցական հանդիպում-քննարկում՝ նուիրուած Արցախի յառաջիկայ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Խորհրդակցութեան մասնակցած են ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ, ՀՅԴ պետական պաշտօնեաներ եւ ՀՅ Դաշնակցութեան շրջանային կառոյցներու պատասխանատուներ:
ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ»ին տեղեկացուցած է, որ ընտրական գործընթացներուն մասնակցելու համար Կեդրոնական Կոմիտէն անցնող երկու շաբաթուան ընթացքին այցելած է բոլոր շրջաններ՝ այնտեղ խորհըրդակցութիւններ ունենալով շրջաններու պատասխանատու ընկերներու հետ: Իսկ 22 Յունուարի խորհրդակցութիւնը այցելութիւնները ամփոփելու եւ աշխատանքային ուղղութիւնները  յստակացնելու նպատակ կը հետապնդէր:
Աւելցնենք, որ ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրի հիմնադրոյթները արդէն իսկ մշակուած եւ ներկայացուած են խորհրդակցութեան մասնակիցներուն: