Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը ձերբակալեց 11 անձեր, որոնք սուրիական թղթոսկիէն բացի, օտար դրամանիշերով վաճառք կը կատարէին սեւ շուկայէն ներս:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ գրաւուած գումարները անմիջապէս Սուրիոյ կեդրոնական դրամատուն յանձնուեցան, շեշտելով, որ պատկան մարմինները յարմարագոյն պատժամիջոցներ պիտի կիրառեն բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք օտար դրամանիշով վաճառք կը կատարեն: