Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը, մեկնելով քորոնա մանրէի վարակին հետ կապուած ներկայ իրավիճակէն, ՀՀ քաղաքացինրը կը յորդորէ ժամանակաւորապէս խուսափիլ Չինաստան այցելութիւններէն, բացառութեամբ խիստ անհրաժեշտ պարագաներու: ՀՀ ԱԳՆ-ը այս առնչութեամբ հետեւեալ յայտարարութիւնը տարածած է․
«Կը յայտնենք, որ նոր տիպի քորոնա մանրէի վարակին հետ առնչուած հարցով ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը, Չինաստանի ՀՀ դեսպանութիւնը, ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը եւ ոլորտի մասնագիտացուած մարմինները շարունակաբար կը հետեւին իրավիճակի զարգացումին եւ կապի մէջ են միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ այլ գործընկեր երկիրներու հետ: Անհրաժեշտ տեղեկատուութեան փոխանակում կ’իրականանայ:
Մեկնելով քորոնա մանրէի վարակին հետ կապուած ներկայ իրավիճակէն` կը յորդորենք ՀՀ քաղաքացիները ժամանակաւորապէս խուսափիլ Չինաստան այցելութիւններէ, բացառութեամբ խիստ անհրաժեշտ պարագաներուն:
Ներկայիս Չինաստանի մէջ գտնուող մեր քաղաքացիները կը յորդորենք մշտական կապի մէջ ըլլալ Չինաստանի ՀՀ Դեսպանութեան եւ ՀՀ ԱԳՆ-ի հետ»: