«Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, բանակի օրուան առիթով, 27 Յունուարին նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին մետալներ եւ շքանշաններ յանձնեց հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրուած զինուորներու՝ զանոնք շնորհաւորելով Հայաստանի զինուած ուժերու կազմաւորման 28-րդ տարեդարձին առիթով:
«Բանակի օրը առանձնայատուկ է բոլորիս համար: Այդ առիթով կ’ուզեմ շնորհաւորել բոլոր պարգեւատրուած ազատամարտիկները, զինուորները, սպաները, բժիշկները։ Բանակի օրը չենք կրնար չյիշել հազարաւոր հայորդիները, որոնք իրենց կեանքը տուին այսօր հզօր ազգային բանակ ունենալու երազանքին, իրենց կեանքը տուին Մեծ հայրենականին, Արցախեան ազատամարտին», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել իրենց կեանքը յանուն հայրենիքին զոհած անձերուն յիշատակը:
« 28 տարի առաջ Հայաստանի նախագահի հրամանագիրով ստեղծուեցաւ օրէնք Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան մասին։ Այսօր ունինք հզօր բանակ, եւ այդ պատմական շրջադարձային իրադարձութեան փայլուն վկայութիւններն են Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի փայլուն յաղթանակները, 75 տարի անցած է, եւ չենք կրնար մոռնալ Հայրենական պատերազմին հայ ժողովուրդին հսկայ ներդրումը, հայերը պայքարած են ֆաշիզմէն ազատելու, Ֆրանսան, Եւրոպան ազատագրելու համար: Հայ ազգը տուած է Խորհրդային Միութեան հերոսներ, 60էն աւելի գեներալ, հինգ մարշալ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է հպարտ ըլլայ այս առնչութեամբ», նշեց Արմէն Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը շեշտեց նաեւ Արցախեան ազատամարտին հայ ժողովուրդին տարած յաղթանակը եւ պայքարը, որ հիմք դրաւ հայոց բանակի ստեղծման: