«Երկիր».- Հայոց Բանակին նուիրուած օրուան առիթով «Եռաբլուր»ի պանթէոն այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Լիլիթ Գալստեան, Աշոտ Սիմոնեան, Տարօն Տօնոյեան, ԳՄ նախագահ Սիմոն Սիմոնեան, մարտական վաստակ ունեցած բազմաթիւ դաշնակցականներ, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններու անդամներ եւ այլք:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան այս առիթով հետեւեալը ըսաւ. «Դարերու վրայ ձեւաւորուած մեր զինուորական ուժին եւ անոր նկատմամբ հաւատամքին արտայայութիւնն է 28 Յունուարը, երբ ստորագրուեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան ստեղծման հրամանագիրը»:
ՀՅԴ ներկայացուցիչները ծաղկեպսակ զետեղեցին «Եռաբլուր» պանթէոնի յուշարձանին դիմաց, ծաղիկներ` զոհուած ընկերներու շիրիմներուն:
ՀՅԴ ԳՄ անդամ, բժիշկ-ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան տակաւին ուսանող էր, երբ ընդգրկուեցաւ ՀՅԴ ջոկատներուն մէջ, իսկ բժշկութեամբ աշխատելու իրաւունք ստանալէն ետք` որոշեց ըլլալ ընկերներուն կողքին:
«Սկիզբէն կը մտածէի, հիմա ալ կը մտածեմ, որ զինուոր ըլլալը աւելի վեհ, բարձր գաղափար է: Զինուորը աւելին կու տայ հայրենիքին, երկրին, բայց զինուոր-բժիշկը նոյնպէս կը ծառայէ, եւ այսօր ալ, խաղաղ օրերու մէջ կան զինուոր-բժիշկներ, որոնք ազնուորէն նուիրուած են հայրենիքին», ըսաւ ան:
Օրուան խորհուրդը մեծ է, դիտել տուաւ Արծուիկ Մինասեան. «Որովհետեւ իրողութիւն է, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ, իւրաքանչիւր ազգ իր պետականութիւնը կը կերտէ եւ կը կայացնէ իր բանակին միջոցով: Մենք ազատագրուած հայրենիք ունինք այսօր, եւ մեր անկախութեան, մեր պետականութեան պահպանման երաշխաւորը մեր բանակն է: Փառք ու պատիւ մեր բանակի կազմաւորման մասնակցած բոլոր հայորդիներուն: Մեր նահատակ ընկերներու շիրիմներուն թող լոյս իջնէ, եւ անոնք երկինքի մէջ իմանան որ Հայոց բանակը մշտապէս իր ամուր դիրքերուն վրայ է»:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, այժմ դարձեալ կարիք կայ յստակօրէն արձանագրելու, որ որեւէ պահ, որեւէ հարց չի կրնար աւելի վեր դասուիլ, քան բանակին մարտունակութիւնը, որպէս հայ ժողովուրդին յաւիտենականութեան երաշխիք:
«Անշուշտ ընելիքներ շատ կան, բայց մեր բանակը օրէ-օր կը հզօրանայ, նաեւ պէտք է ըսել, որ բանակի հզօրութիւնը միայն զէնքով, զինամթերքով կամ թուաքանակով չի չափուիր, բանակը պէտք է հոգեբանօրէն պատրաստ ըլլայ յաղթանակներու», ըսաւ Տարօն Տօնոյեան:
Բժիշկ – ազատամարտիկը համաձայն չէ այն գաղափարին, թէ ժողովուրդները պէտք է պատրաստել խաղաղութեան. «Յաճախ կ’ըսեն, թէ ժողովուրդները պէտք է պատրաստել խաղաղութեան: Մենք միշտ պատրաստ ենք խաղաղութեան, բայց ինչպէս բանակը, այնպէս ալ ժողովուրդը, միշտ պէտք է պատրաստել հայրենիքը պաշտպանելու,: Սա՛ պիտի ըլլայ բանակին առաջին կանոնը», եզրափակեց Տարօն Տօնոյեան` վստահեցնելով, որ բանակը պիտի կատարէ իր առաջադրանքները, այնպէս ինչպէս կատարեց 2016-ին, Ապրիլեան քառօրեային, եւ թշնամին այլեւս բախտախնդիր ըլլալու համարձակութիւն չ՛ունենար: