Մեծանուն պետական գործիչի` Արամ Մանուկեանի յիշատակի օրուան առիթով անոր յուշարձանին առջեւ ծաղիկներ զետեղեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան անդամները:

«Արամ իր ապրած ողջ կեանքով սորվեցուց, թէ ինչպէ՛ս  պէտք է սիրել հայրենիքը, ինչպէ՛ս  պէտք է սիրել ժողովուրդը, եւ նոյնիսկ իր մահով այդ դաստիարակչական աշխատանքը չդադրեցուց»,  Արամ Մանուկեանի յիշատակի արարողութեան ժամանակ Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ անդամ Բագրատ Եսայեան:

Արժեւորելով Արամ Մանուկեանի կեանքի եւ գործունէութեան դրուագները` Բագրատ Եսայեան առանձնացուց Արամի գործունէութիւնը Վանի մէջ, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան ամենադաժան շրջանին ան յաջողեցաւ համախմբել բոլոր ուժերը, ստանձնել ինքնապաշտպանական ուժերու ղեկավարումը եւ կերտել «Նախապետական» միաւորումը` մինչեւ ռուսերուն ժամանումը:

Արամի գործունէութեան յաջորդ եւ ամենակարեւոր շրջանը, ըստ Բագրատ Եսայեանի,  1917-էն վերջ մինչեւ վաղաժամ մահուան ինկած հատուածն է, ուր Արամի պետականամէտ մտածողութիւնը ստացաւ իր ամենավառ արտայայտութիւնը:

Բ. Եսայեան յայտնեց նաեւ, որ իշխող հասկացութիւնը սովորաբար բացասական իմաստով կ’ընկալուի, բայց Մարտ 1918-ին ժողովուրդին կողմէ Արամին դիկտատոր հռչակուիլը բոլորովին այլ փիլիսոփայութիւն ունէր իր մէջ:

Արամ Մանուկեանի յուշարձանին այցելութեան եկած ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան անդամ Անի Ազատեան յայտնեց, որ նախապէս բացասական կը վերաբերէր իր այն սերնդակիցներուն, որոնք չէին ճանչնար Արամ Մանուկեանը: Այժմ այլ ձեւով կը նայի այդ երեւոյթին:

«Մենք այժմ ոչ թէ կը նախատենք բոլոր անոնց, որոնք չեն ճանչնար մեր Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանը կամ անտարբեր են անոր ունեցած աւանդին հանդէպ, այլ ամէնօրեայ աշխատանքներուն միջոցով կը փորձենք մեր սերնդակիցներու շրջանին տարածել ինչպէս Արամ Մանուկեանի դաւանած գաղափարներն ու արժէքները, այնպէս ալ անոր եւ միւս մեր մեծերու ժառանգած անգնահատելի ժառանգութիւնը», յայտնեց Անի Ազատեան, աւելցնելով, որ եթէ այսօր աշխարհի քարտէսին վրայ առկայ է Հայաստանի Հանրապետութիւնը` որպէս պետութիւն, եւ իրենք հպարտօրէն կը ծածանեն Եռագոյնը, որպէս պետականութեան խորհրդանիշ, այդ բոլորին համար պէտք է խոնարհիլ Արամի եւ անոր զինակիցներու կեանքին ու գործին առջեւ: