Երկուշաբթի, 27 Յունուար 2020-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանագնաց Ալեքսանտր Լաւրենթեւը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ֆերշինին եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան Հալէպի եւ Իտլիպի զինուորական վերջին զարգացումներուն եւ ապահ ով շրջաններուն վրայ ահաբեկչական օրական յարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն եւ վնասներուն շուրջ: Կողմերը շեշտեցին սուրիական եւ ռուսական բանակներուն միացեալ զինուորական գործողութիւններուն անհրաժեշտութիւնը՝ նման յարձակումներ կասեցնելու եւ քաղաքացիները զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ոճիրներէն հեռու պահելու համար: