Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը՝ խստիւ դատապարտելով «դարու գործարք»ը, որուն համաձայն, Իսրայէլի ապագայ պետութեան մայրաքաղաքը պիտի ըլլան արեւելեան Երուսաղէմի որոշ բաժիններ: Այս գործարքը կը մարմնաւորէ իսրայէլեան բռնատիրութեան յանձնուելու եւ պաղեստինեան դատը չեղեալ համարելու Միացեալ Նահանգներուն նկրտումները՝ անտեսելով միջազգային օրինականութիւնն ու ձախողութեան մատնելով անկէ բխած որոշումները:
Հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ. «Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը կոչ կ’ուղղէ միջազգային ընտանիքին՝ դատապարտելու ամերիկեան արարքը եւ վերականգնելու միջազգային որոշումները, յատկապէս դադրեցնելու արաբական եւ պաղեստինեան հողերուն վրայ իսրայէլեան բռնատիրութիւնը եւ սատարելու պաղեստինեան անկախ պետութեան հռչակումին՝ մայրաքաղաք Երուսաղէմով»: