ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ 2 Փետրուարին Ղազախիստանի մեր գործընկերներուն հետ համագործակցութեամբ Չինաստանի Ուհան քաղաքի մէջ գտնուող եւ երկրէն դուրս ելլելու փափաք յայտնած ՀՀ քաղաքացի Սուսաննա Աղաճանեան երկրէն դուրս բերուելով տեղափոխուած է Ղազախիստան:
ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղդալեան գրած է.
«ՀՀ դեսպանութիւնը մշտական կապի մէջ է մեր քաղաքացիին հետ եւ քայլեր ձեռնարկուած են վերջինիս կարելի եղածին չափ շուտ Հայրենիք վերադարձնելու համար:
Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Ղազախիստանի մեր գործընկերներուն` Հայաստանի խնդրանքին արագ արձագանգելուն եւ ցուցաբերած աջակցութեան համար», յայտնած է ան: