«Արմէնփրէս».-Հայ քիմիագէտ Ռոպերթ Պախչաճեանի «Պայմոտըլ օքսիտէյշըն՝ տարասեռ եւ համասեռ հակազդեցութիւններու զուգորդումը» անգլերէնով ծաւալուն մենագրութիւնը Պելճիքայի Ղենտի համալսարանի քիմիական ճարտարագիտութեան փրոֆ. Ժ. Դիպոյի առաջարկով իբրեւ դասագիրք ներառուած է ուսումնական ծրագիրներուն մէջ՝ ուսանողներուն յանձնարարուող գրականութեան ցանկով:
Գիրքը վերջին տասնամեակներուն միակ հիմնարար աշխատութիւնն է այս բնագաւառէն ներս: Ան հասցէագրուած է յատկապէս բնագիտական քիմիագիտութեան բնագաւառի գիտնականներուն, ճարտարագէտներուն, ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են այս բնագաւառի հիմնահարցերով: Գիրքը կրնայ ծառայել նաեւ իբրեւ դասագիրք համալսարաններու բնագիտական մասնագիտութիւններու ուսանողներուն համար:
Հեղինակը գիտական համագործակցութեան սերտ կապեր ունի Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Ա. Բ. Նալբանդեանի անուան բնագիտական քիմիագիտութեան ուսումնարանին հետ, ուր աշխատած է մինչեւ Ֆրանսա հաստատուիլը: Պախչաճեան նախաձեռնողն ու գլխաւոր խմբագիրն է բնագիտական քիմիագիտութեան քանի մը գիտական մատենաշարերու, որոնք լոյս տեսած են համաշխարհային առաջնակարգ գիտական հրատարակչութիւններուն կողմէ:
Գիրքը 2019-ին տպագրած է բնագիտական եւ ճարտարագիտական գրականութեան ամերիկեան խոշորագոյն հրատարակչութիւններէն մէկը՝ «Սիարսի փրէս-Թէյլըր ընդ Ֆրանսիս կրուփ»-ը, Պոգա Ռադոնի (Ֆլորիտա), Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ: Անիկա լայն տարածում գտած է նաեւ համացանցով: