Թուրքիոյ Ժողովուրդի Հանրապետական Կուսակցութեան Կեդր. Կոմիտէի անդամ Արան Էրտեմ «Թիլ-1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Սուրիոյ իրաւունքն է վանել ահաբեկչութիւնը իր հողերէն եւ վերահաստատել երկրի բոլոր տարածքներուն խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը:
Ան դատապարտած է նախագահ Էրտողանի եւ անոր կուսակցութեան հակադարձութիւնը սուրիական բանակին Իտլիպի մէջ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրած յաղթանակներուն, հարց տալով թէ. «Թուրքիա ի՞նչ առնչութիւն ունի Իտլիպի հետ, իսկ Անգարա ինչո՞ւ դէմ կ’արտայայտուի սուրիական բանակին ազատագրումին սուրիական գիւղերու, աւաններու եւ քաղաքներու, որոնք տարիներէ ի վեր բռնագրաւուած էին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ»:
Էրտեմ աւելցնելով ըսած է. « Եթէ Էրտողան այս աստիճան կը զօրակցի Իտլիպի եւ անոր շրջակայքի «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի ահաբեկիչներուն, կրնայ զիրենք Թուրքիա հրաւիրել եւ օգնել անոնց, մեկնելով իր եւ անոնց հաւատադրժողական համարժէք սկզբունքներէն»:
Թուրք քաղաքական գործիչը եզրափակելով յայտնած է. «Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները իրաւունք չունին Սուրիոյ ոչ մէկ տարածք ներխուժելու: Անոնք պարտաւոր են վերջ տալու ահաբեկչական խմբաւորումներուն իրենց զօրակցութեան, որովհետեւ այս վարքագիծը վայել չէ բարի-դրացիական յարաբերութիւններու եւ կը հակասէ Ասթանայի եւ Սոչիի այն սկզբունքներուն, որոնք կը շեշտեն Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը»: