«Դպրեվանքը սուրբ վայր մըն է, ուր յանձնառու եւ տեսլական ունեցող սպասաւորներ կը պատրաստուին մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի ծառայութեան համար: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը վճռական դերակատարութիւն ունի մեր ժողովուրդի պատմութեան այս կարեւոր ժամանակամիջոցին ընթացքին, երբ մեր ժողովուրդին կարիքներն ու սպասումները այնքան բազմաթիւ ու այլազան են, թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ»:
Արամ Ա. Կաթողիկոս
Դպրեվանքի ազգանուէր առաքելութիւնը եւ գոյութիւնը արժեւորելու նպատակով Կիրակի, 26 Յունուար 2020-ին, յետ պատարագին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, թաղական Խորհուրդին կազմակերպութեամբ, յիշատակուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի հիմնադրութեան 90-ամեակը:
Օրուան հանդիսավարն էր Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչուհի Սոնիա Քորթմոսեանը, բացման խօսքը փոխանցեց Հոգեշնորհ Հայր Մանուկ վրդ. Պրեխանեան: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ դպրեվանքի կարեւորութեան եւ դպրեվանցիին ծառայութեան վրայ՝ եկեղեցական կամ աշխարհական կեանքի մէջ, ինչպէս նաեւ անոր բերած ներդրումին հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր եւ ազգային կեանքին:
Գեղարուեստական յայտագիրը կ’ընդգրկէր շարականներու երգեցողութիւն՝ «Դպրեվանքի քայլերգ», «Ուրախ Լեր», «Աշակերտ Քրիստոսի», «Զանճառելի Լուսոյ Մայր», կատարողութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Անդրանիկ Քէօշկէրեանի:
Կիրակնօրեայի աշակերտները ներկայացուցին դպրեվանքի աշակերտութեան վկայութիւններէն, խմբային արտասանութիւն՝ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» եւ Նարեկէն աղօթք մը:
Երեք բաժինով ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն հանդիսատեսը ծանօթացաւ Դպրեվանքի շրջափակին, «Արմաշ» երգչախումբին եւ Դպրեվանքի առօրեային:
Հոգեպարար հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով, ապա հայր սուրբին «Պահպանիչ» աղօթքով:
Թղթակից