Հասարակութիւնը ինչո՞ւ հեռացած է մշակոյթէն։ Պատճառը արդեօք քաղաքական իրարայաջորդ հրատապ եւ ցնցիչ դէպքերն ու զարգացումնե՞րն են, թէ համատարած յուսաբեկումը, ի գործ դրուած ջանքերու անհետեւանքութեան, ապարդիւն ըլլալու զգացումը… կամ այլ դիւտանկիւնէ՝ արդեօ՞ք ամբողջ մեղադրանքն ու պատասխանատուութիւնը պէտք է վերագրել մարդոց համացանցային դեգերումներուն, հեռուստահաղորդումներուն սեւեռած լարուած աչքերու, ալարկոտ, լիցքաթափուած մարմիններու եւ ընդարմացած ուղեղներու։
Մեր իրականութենէն ներս (հայկական թէ օտար) տարեկան հարիւրաւոր անուն գիրքեր լոյս կ’ընծայուին, սակայն ո՞ւր են ընթերցողները։ Գիրքերու բազմաթիւ ցուցահանդէս-տօնավաճառներ կը ձեռնարկուին, բայց արդեօ՞ք գնողներ, հետաքրքրուողներ կան։
Մշակութային բազում դասախօսութիւններ, արուեստի եւ գրական երեկոյներ կը կազմակերպուին, յաճախ սակաւաթիւ ներկայութեամբ կամ գրեթէ առանց հանդիսատեսի, առանց քաջալերող գրասէրի կամ արուեստասէրի, մանաւանդ՝ առանց արդիւնարար զրոյցի եւ երկխօսութեան, առանց օգտակար յաւելումներ բերող լուրջ ու սրտցաւ մասնակցողներու…։
Կարծես մշակութային ձեռնարկի մը կամ միջոցառման մը ներկայութիւնը ակամայ պարտականութիւն է, զոր կը կատարենք անսրտօրէն, առանց համոզումի, ապա շուտով կը հեռանանք մշակոյթ կոչուած «անհեթեթ»ութենէն, մեղանչումի համազօր այդ երեւոյթէն, առանց հետք իսկ ձգելու, առանց ափսոսանքի, ոչինչ տալով եւ ոչինչ տանելով մեզի հետ։ Մինչեւ անգամ ընկերային փոխյարաբերութիւններ տժգունած են, նահանջած, այսօր մարդիկ հազուադէպօրէն զիրար կ’այցելեն, նոյն ընտանիքին թէ նոյն գերդաստանին մաս կազմող հարազատներ սակաւադէպօրէն իրարու քով կու գան, իրարու կը հանդիպին հաւաքական թէ անհատական մտահոգութիւններ բաժնեկցելու, զիրենք թէ հասարակութիւնը յուզող օրախնդիրներ քննելու… ալ ուր մնաց որ անոնք մշակոյթի մասին մտածեն, տեղատուող եւ նահանջող հաւաքական բարքերու, սովորութիւններու, աւանդութիւններու, արժէքներու համար տագնապին, ցաւին…։
Ո՞վ է պատասխանատուն այս խամրած եռանդին, լճացումին, անտարբերութեան… արդեօ՞ք համատարած, աշխարհով մէկ ընդհանրացած երեւո՞յթ է, ինչպէս յաճախ մակերեսայնօրէն կը պատճառաբանենք։ Եթէ փորձենք ներկայիս եւրոպական փոքր երկրի մը մէջ տարեկան դրութեամբ տպագրուող գիրքերու տեսակն ու քանակը համեմատել երկրորդ աշխարհէն որեւէ երկրի հրատարակութիւններու հետ, արդիւնքը պիտի ըլլայ անբարենպաստ եւ հիասթափեցնող, ի վնաս երրորդ աշխարհին։
Բայց ինչո՞ւ այսպէս կը պատահի։ Որո՞նք են թերաճ երկիրներու, ժողովուրդներու (որոնց շարքին նաեւ մեր) ապագան մթագնող, հարցականի տակ առնող այս երեւոյթին հիմնապատճառները։
Անգրագիտութեան բարձր տոկո՞սն է արդեօք, որ մեզ առաջնորդեց այս կացութեան, թէ օտարումի զգացումը, հաղորդակցելու դժուարութիւնը, գրեթէ անկարողութիւնը, ձեռնարկուած ջանքերու անբաւարարութիւնը, անհեռանկար եւ անխրախուսիչ հանգամանքը…։ Կը բաւէ՞ միթէ միայն զուարճութիւնը, կերուխումը, ամէն ժամու սփռուող լուրերու հետեւիլը, տեսածներու եւ լսածներու առնչութեամբ ընդվզումը, ցասումը, երեկոյեան տարբեր կայաններէ ցուցադրուած շուկայիկ, հասարակ ժապաւէններ դիտելը, ապա յաջորդ առաւօտուն արթննալով սովորական, անհրապոյր, անգոյն եւ ձանձրալի կրկնութիւններով բնորոշուած կեանքի եւ պարտաւորութիւններու շարունակումը… նուիրականացնելով Ժան Փոլ Սարթըրի այն մտածումը, ըստ որուն՝ «Մարդկային կեանքին մէջ օրեր գոյութիւն չունին, այլ առկայ է օր մը միայն, որ կը շնորհուի ամէն առաւօտ՝ ետ քաշելու զայն նոյն երեկոյեան»։
Անցեալին, երբ տգիտութեան համեմատութիւնը շատ աւելի բարձր էր քան այսօր, արդեօք ինչո՞ւ գրագէտը, բանաստեղծը կամ մտաւորականը կը համարուէին արտասովոր ընդունակութիւններով օժտեալ, վսեմ գաղափարներու եւ յանձնառութեանց տէր յարգարժան ու երախտարժան անձնաւորութիւնները։
Օրերս մշակոյթը կը պարզէ հիւանդագին վիճակ, անկէ վարակուածները կը կազմեն փոքրամասնութիւն, եզակի եւ հազուագիւտ երեւոյթներ։ Անցեալին պատանիներ թէ երիտասարդներ բռնուած էին գիրք գնելու կամ փոխան ջնջին հատուցման գրադարաններէ գիրք ապահովելու անզուսպ, անսանձ տենդէ, այդ նպատակին զոհելով իբրեւ գրպանի ծախս իրենց ընծայուած սահմանափակ գումարները, եւ ուրեմն՝ փոքրիկ հաճոյքները։ Այսօր նորահաս սերունդին կը տրամադրուին գեղատիպ եւ գրաւիչ տեսքով, այլաբնոյթ, ճոխ բովանդակութեամբ հրապուրիչ եւ հետաքրքրական գիրքեր, հանդէսներ, հաճելին եւ օգտակարը մէկտեղող հրատարակութիւններ, ինչպէս նաեւ կը ստեղծուին բազմազան խայծեր, որպէսզի անոնք կարդան եւ հարստացնեն իրենց մտապաշարը… սակայն ի զուր եւ ափսոս։
Կար ժամանակ, երբ պատանին թէ երիտասարդը առնչուած էին հասարակական առօրեային, կը հետաքրքրուէին իրենց շուրջ կատարուածներով, երէցներու կողքին կը մտածէին, կ’անհանգստանային, տեսակէտ կը յայտնէին պարզուած օրախնդիրներու մասին։ Նորօրեայ երիտասարդը առհասարակ հեռու է հաւաքական կեանքէ, գրեթէ ապատեղեակ՝ տիրող իրավիճակէն, շրջապատի մտահոգութիւններէն, փոթորկումներէն, վերիվայրումներէն։
Բնականաբար երէց եւ նորահաս սերունդներու միջեւ առգոյ են մտածումի, աշխարհայեացքի, կենցաղակերպի, մօտեցումներու… յստակ տարբերութիւններ։ Նոր սերունդը հրապուրիչ քարոզչութեան, գովազդային լուսաւոր եւ շլացուցիչ հրապարակումներու ներգործութեամբ ապակողմնորոշուած է այսօր, գինովցած… ան շահագրգռուած է բոլորովին նոր երեւոյթներով, կը հակի դէպի նոր բարքեր, օտարամուտ սովորութիւններ… Պերճանք, շռայլութիւն, զեխութիւն, անորակ արուեստ եւ ցուցադրապատային աղմկարար երաժշտութիւն կը կազմեն անոր հետաքրքրութեան առանցքը, կիզակէտը։
Զուարճութեան եւ վայելքի ընդդիմացողներու կողմնակից չենք անշուշտ, երբեւէ չենք թերագնահատած ուրախութեան ու վերափոխիչ երեւոյթներու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ մարդկային սրտեր ծարաւ են բերկրութեան, կազդուրանքի ու վերաթարմացումի, այլապէս՝ անոնք կը կորսնցնեն իրենց կենսունակութիւնը, կը խամրին ու կը դալկանան։
Սակայն երբ ամբողջութեամբ անձնատուր կը դառնանք մոլորեցնող եւ զգայազրկող հաճոյքի, վայելքի, յղփութեան, մակերեսային աժան զուարճութեան… հրաժարելով բանականութենէ, հովին տալով ժամանակ, կարելիութիւններ եւ կարողականութիւն… կը վերածուինք մարդուն մարդկայնականութիւնը յումպէտս վատնող խլեակներու, անարժան մարդուկներու…։
Ի՞նչն է որ օտարացուց մարդը, պարպեց զայն մարդկայնականութենէ, հեռացուց ընկերային ներգործուն դերակատարութենէ, սահմանափակեց անոր մտածումն ու լիիրաւ մասնակցութիւնը։ Ամէն ինչ պատրաստ, նախածրագրուած եւ առանց համախումբ սերտողութեան պարտադրուած ըլլալու արդիւնք չէ՞ միթէ ստեղծուած այս կացութիւնը…։ Յիրաւի՝ բոլոր տեսակի թերիները, բացթողումները, տակաւ յամենալով, արմատանալով ընդհանրացած են եւ դարձած կատարեալ իրողութիւններ, սովորական ու բնական երեւոյթներ…։
Ինչո՞ւ բացառել տրամաբանութիւնը, զինաթափել ուղեղը, ստորադասել միտքը, զանցել երկխօսութիւնը, մերժել այլակարծութիւնը, հրաժարիլ անհատական թէ հաւաքական յառաջդիմութիւնն ու զարգացումը առաջադրող ծրագիրներէ։ Ի՞նչն է որ կը պակսի մեզմէ։ Մտաւորականութեան ճգնաժա՞մն է, սո՞վն է, թէ ստեղծագործական անկարողութիւնը, ու հետեւաբար՝ անցեալէն, հինէն ժառանգուածին ապաւինելու աւանդութիւնը, կրաւորական ունակութիւնը…։
Չէ՞ք կարծեր, որ նորագոյն տուեալներ ու հանգամանքներ, սպառողական արդի ընկերութեան ապրելաոճ եւ պահանջներ կ’արգելակեն միտքը բացուելու, ծաղկելու, մղում եւ թռիչք առնելու… մանաւանդ՝ անկաշկանդօրէն կողմնորոշուելու եւ արտայայտուելու, լիարժէքօրէն գործելու եւ արարելու…։
Մտածումներ եւ հարցադրումներ՝ որոնք արժանի են սերտողութեան եւ պատասխանի…։
Խաչիկ Շահինեան