Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ին, զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ի հաղորդեց, որ գիշերուան ժամը 11։45-ին Իսրայէլ սուրիական գրաւուած Կոլանէն հրթիռներ արձակեց Դամասկոսի ուղղութեամբ։ Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։