Հայաստանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամմետ Հաճ Իպրահիմ, անդրադառնալով Սուրիոյ խորհրդարանի յատուկ բանաձեւի ընդունման, որով կը ճանչնայ ու կը դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յայտնած է, որ Սուրիան միշտ յիշատակած է հայերուն հանդէպ տեղի ունեցած ջարդերու զոհերու յիշատակը:
«Այս հարցը երբեւէ ուսումնասիրուած է եւ Սուրիոյ կառավարութիւնը ամենայն յարգանքով վերաբերած է այն սուրիացիներուն, որոնք հայկական արմատներ ունին: Անոնք միշտ եղած են սուրիական հասարակութեան անքակտելի մասը: «Հայոց ջարդերը միշտ յիշատակուած են Սուրիոյ մէջ` այն նախաձեռնութիւններու միջոցով, որոնք տեղի ունեցած են հայաբնակ շրջաններուն մէջ», ըսած է դեսպանը: