Մտերմութիւնս գիրքերուն հետ սկսաւ մեծ հօրս միջոցով: Ան ընթերցասէր է եւ ամէն անգամ, երբ մենք ընտանիքով իրեն այցելութեան կ’երթայինք՝ յաճախ զայն կը տեսնէի գիրքը ձեռքին: Եղբայրս ու ես կը խաղայինք ու կ’աղմկէինք՝ ան առանց անհագստանալու եւ կամ մեզի բարկանալու կը շարունակէր ընթերցումը:
Մեծ հայրս մեծ գրադարան ունի ու ես անզգալաբար սկսայ հետաքրքրուիլ գիրքերով… եւ զբաղումներէս մէկը դարձաւ գրադարանի գիրքերը խառնելը: Անոնց տեղերը կը փոխէի, երբեմն ալ կը թղթատէի, բայց չէի կարդար:
Քանի մը տարի առաջ էր, սովորութեանս համաձայն, գրադարանի գրքերը ձեռքս կ’առնէի՝ ուշադրութիւնս գրաւեց նիհար եւ պզտիկ գիրք մը: «Ալքիմիկոս»գրուած էր կողքին վրայ: Մեծ հօրս հարցուցի.
-Պապո՛ւկ, ինչի՞ մասին է այս գիրքը:
-Այս գիրքը կը խօսի քեզի տարեկից, կամ քեզմէ քիչ մը աւելի մեծ տղու մը մասին, որ հովիւ է, ու ամէն ինչ ձգելով կը ճամբորդէ, որ իր գանձը գտնէ:
-Եւ կը գտնէ՞
-Կարդա՛, կ’իմանաս: Եթէ կարդաս ու վերջացնես, եկուր պատմէ ինծի, թէ ի՛նչ հասկցար:
Հետաքրքրութիւնս շարժեցաւ: Սկսայ ընթերցել: Բայց վստահ չէի, որ գիրքը կը վերջացնեմ, որովհետեւ շուտ ձանձրացող եմ, իսկ գիրք կարդալը համբերութիւն եւ ժամանակ կ’ուզէ: Այնպէս որ կը խորհէի թէ շուտով կը ձանձրանամ եւ քանի մը օրէն գիրքը մէկ կողմ կը դնեմ: Բայց այդպէս չեղաւ: Հազիւ առաջին չորս էջերը կարդացած էի, կապուեցայ գիրքին: հետաքրքրական էր իր գանձը փնտռող հովիւ տղուն պատմութիւնը:
«Ալքիմիկոս»ը կարդացի մինչեւ վերջ: Այդ գիրքը պատճառ եղաւ, որ կապուիմ գիրքերուն: Անկէ ետք ընթերցումը դարձաւ սիրելի զբաղումներէս մէկը:
Մեծ հայրս կ’ըսէ.
-Գիրքերը մարդը իմաստուն կը դարձնեն:
Հրակ Լնդեան
ԺԱ. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան