Պօղոսը իր գիւղին առաջատար բանուորներէն էր։ Իր հիմնական զբաղումը գիւղատնտեսութիւնն էր։ Պարտիզպան էր։ Կը ցանէր ցորեն, ծխախոտ, բանջարեղէն… սակայն իր բազմազաւակ հօրմէն ստացած ժառանգը քիչ էր. բաւարար տարածութիւն չունէր, որ օգտագործելով բաւարարէր իր ընտանիքին պէտքերը։ Վերջապէս օրերը շատ փոխուած էին եւ սակաւութեամբ ապրելու նախկին կենցաղին կերպը փոխուած էր։ Զաւակները օրուան հետ քայլ պահելով նոր բնոյթի կարիքներ ունէին, ուստի ան հարկադրուած էր բանուորութիւն ընելու, փոխան օրապահիկի մը վճարումին, համագիւղացիներուն կալուածներուն մէջ աշխատելով. փորել, հողը շրջել, անշաղախ պատեր պատել, պարտէզները անպիտան ու վայրի թուփերէն, մացառներէն ու տատասկներէն ազատել-մաքրել… հողագործին գործ չէր պակսեր։ Որպէս խղճամիտ բանուոր, ռանչպար, արդէն գիւղացիներուն հանրածանօթ ու անոնց կողմէ փնտռուած դարձած էր։
Ինք իր մասին հպարտութեամբ կ’ըսէր.
– Ես ֆրանսացիներուն դարէն մնացած բանուոր եմ։
Անշուշտ նկատի ունէր ֆրանսական հոգատարութեան տարիները, որոնք հազիւ թէ դուրս եկած էին հայրենիքէն՝ Սուրիայէն։
Գիւղացիք իր ծածկանունը «Ոսկի Պօղոս» դրած էին։ Գիւղին մէջ իւրաքանչիւրը իր ծածկանունը ունէր։ «Արպաթաշ», «Մանա», «Փայլուն», «Զուռնաճի», «Սէրսէրեան»… եւ այլն։ Իր ծածկանունը շատ լաւ էր՝ «Ոսկի Պօղոս», եւ ինք հպարտ էր այդ մակդիրով։
Օրերը շատ փոխուած էին։ Կենցաղի ոճ, ուտելիք-խմելիք, հագուստ-կապուստ… ամէն ինչ։ Սակայն Ոսկի Պօղոսը կը մերժէր իր հագուստն ու արտաքին տեսքը փոխել։ Նախ կը մերժէր մկրատ զարնել իր սուր պեխերուն, կը մերժէր իր լայնածաւալ ու արաբական շալվարը եւրոպական տափատով փոխել՝ փոխարինել։ Հալէպի ներսի փակ շուկային ամենանշանաւոր դերձակին քով կարել տուած էր, բարեկամի մը միջոցաւ. ինք Հալէպը ո՞ւր պիտի գտնէր՝ շալվարը զինք գտած էր։ Արդէն հազիւ 30-40 տարի կ’ընէր որ երկար զըպկա-ճուպպան փոխած էր շալվարով։
Չէր ուզեր նաեւ ճաղատ գլուխը ծածկող «պէրէ» գլխարկէն ձերբազատիլ։ Ճէս կամ ղալփախ չէին սազեր իր բանուորի գլխուն, մանաւանդ որ պէրէն գնած էր ֆրանսացի զինուորէ մը. յետոյ պէրէն նիւթեղէն անարարկելի փաստն էր, որ ինք ֆրանսացիներուն դարէն ի վեր բանուոր էր։
Զաւակները դպրոցէն խէր ընելու երես չունէին։ Գիւղին Տէր Թէօդիկեան վարժարանը տան մօտ գտնուելով հանդերձ, անոնք քարշ տալով աւարտած էին անոր վեցամեայ ընթացքը՝ տասը եւ աւելի տարիներու հասցնելով զայն։
Մեծ տղան՝ Շմաւոնը, չորրորդ դասարանին երբ լքեց դպրոցը, արդէն պեխն ու մօրուքը սեւցած էին, ուստի հարկաւոր էր անոր ածելի սուր դանակ մը ճարել, կաշիէ սրոցին հետ միասին։
Պեխ ու մօրուք ունեցողը այլեւս տղամարդ կը համարուէր եւ պէտք է որ գործի երթար։ Արդարեւ, ամէն օր, Ոսկի Պետրոսը տղան՝ Շմաւոնը իր հետը գործի կը տանէր. զայն «կը կրթէր», կը վարժեցնէր։ Այլապէս մէկ ձեռք աշխատելով, ինչպէ՞ս պիտի կարենար ածելի դանակ-սրոց ապահովել տղուն։ Փոքր տղան ալ շուտով կը հասնէր։
Գարնանային տաքուկ օր մը գացած էին դրացի գիւղը, այնտեղի հանրածանօթ Մինաս աղային կալուածը աշխատելու, ուր խոպան հողը պիտի շրջէին, որ յետոյ ծառեր տնկէին այնտեղ։ Աղան խնձորի տունկեր բերել տուած էր Լիբանանէն։
Երբ կէսօր եղաւ, աղան անոնց բերաւ մեծ կաթսայ մը լեփ-լեցուն տոլմա-սարմայով։ Ձաւարով տոլմա-սարմա էր։ Պօղոս կը մերժէր նորաձեւութեան հետեւելով բրինձով շինուած տոլմա-սարմա ուտել։ Ո՜ւր ձաւարը, ո՜ւր բրինձը։
Հայր ու տղայ նոր մշակուած հողին վրայ ծալապատիկ նստած, բացին իրենց հետ բերած թոնիրի հաստ հացին ծրարը, կաթսային քով։ Լոլիկը ջարդելու համար պնակ չկար, սակայն մօտակայ որթատունկին տերեւները պնակի գործ կրնային կատարել։
Երեք-չորս տերեւի վրայ ջարդեցին ափի չափով երկու կիսահասուն կարմիր լոլիկներ. աղան պղինձէ շինուած «սաղկնդէսով» (սեղանի թաս) մածուն ալ բերած էր։ Հայր ու տղայ կռթնած նոր շրջուած հողի մեծածաւալ գուղձի մը, ասլանի ախորժակով գրեթէ լափեցին ճաշը, մածունը, լոլիկը եւ հացը։ Թէեւ աղ չկար իրենց հետ, սակայն առանց աղի ալ համով էր իրենց կերածը։
Արեւը արդէն հասած էր երկնքի զէնիթին։ Հողի գուղձը թեւանցուկ բարձ ընելով, հայր ու տղայ հասակի երկայնքով փռուեցան խոնաւ հողին վրայ մրափ մը առնելու եւ հանգչելու։
Արեւածագէն մինչեւ կէսօր աշխատանքէն ետք, քիչ մըն ալ հանգիստի պէտք ունէին, որպէսզի մինչեւ մայրամուտ գործի դիմանային։
Մեղմ-մեղմ, դանդաղ-դանդաղ, իրենց պառկած տեղէն առանց իրարու նայելու կը խօսակցէին։
Շմաւոն շլացած աղային հրամցուցած ճաշէն, թմբուկի մը չափ ուռած փորը շփելով, հօրը դառնալով ըսաւ.
– Ետոյ (Հայր), լաւ կերանք ու կշտացանք, հա՛։
– Այո, այո տղայ. լաւ կերանք. չէ՞ որ կտրիճներ ենք։
– Այո, բայց, յետո՛յ, շատ չենք փորած, աչքիս քիչ կ’երեւի մեր փորածը։
– Է՜հ, տղաս. «ղըթ» (ուժ) չունինք, «ղըթ» չունինք։
Աղան, մի ըսեր թէ քովի կիսափուլ պատին ետին չոք եկած զիրենք կը լրտեսէր, կ’ունկնդրէր. հաստ ու երկար փայտ մը ձեռքին արշաւեց անոնց վրայ.
– Հա՜, ուտելու համար կտրիճներ էք, բայց փորելու համար «ղըթ» չունիք հա՞. եալլա, դո՛ւրս, դո՛ւրս։
Օրերը թաւալեցան, զաւակները մեծցան։ Աղջիկը, որ միջնեկն էր, երբ յարմար փեսացուն եկաւ, ամուսնացուց. աղջիկը որքան շուտ մարդու երթայ, այնքան լաւ։
Մեծ տղուն ալ բեռնատար ինքնաշարժի մը վարորդին օգնական կարգեց, թէեւ բեռնակրութիւնը ինք կ’ընէր։ Արդէն երկու տարի կ’ընէր, որ աւարտած էր զինուորական ծառայութիւնը, որ տեւած էր հինգ տարի։ Բեռնատարին եկամուտը բաւարար էր. ապագայ կը խոստանար։ Միակ անպատեհութիւնը ամրան գիւղը օդափոխութեան եկած օտարական երիտասարդներն էին, որոնք յաճախ պատրուակ մը ստեղծելով հետը կը կռուըտէին, եւ անոնք շատուոր ըլլալով, միշտ ծեծ ուտողը ինք կ’ըլլար։
Փոքր տղան, Միսաքը, շուտով պիտի աւարտէր իր զինուորական ծառայութիւնը, որ մեծ եղբօր ծառայութեան նման, տեւած էր հինգ երկա՜ր տարիներ։ Հայրը պարտաւոր կը զգար անոր ապագային համար կարգադրութիւններ կատարելու։
Ուստի, ծախեց վարի թաղի իր մշակած եւ ծառեր տնկած հողաշերտը, եւ անոր փոխարժէքով գնեց խոպան, անմշակ հողատարածք մը, որ նախկինին եռապատիկն էր։ Մեծ տղան՝ Շմաւոնը, բեռնակրութիւն կատարելով, յաջողած էր քանի մը «ղրուշ-ղրուշի վրայ» դնելով յարմար գումար մը հաւաքել, ու անոր այդ գումարով գնեց նոր դրացիէն ուրիշ հողաշերտ մը։
Հայր ու տղայ, ձեռք-ձեռքի տուած, կառուցեցին երկու մէկ սենեակի քարաշէն տուներ։ Փոքր տնակներ էին եւ շատ պակասաւոր։ Ի՞նչ հոգ։ Յառաջիկային կրնային անոնց վրայ սենեակներ աւելցնել…։ Յետոյ, յիշեց, որ երբ ինք ամսունացաւ Սառային հետ, բնակեցաւ իր հօրենական մէկ սենեականի տան մէջ։ Առագաստի գիշերն ալ այնտեղ անցուց, երբ նոյն սենեակին մէջ որպէս թէ կը քնանային հայրը, մայրը, կովը, հորթը, այծը եւ ուլիկը. թէեւ սենեակը բաւական մեծ էր։
Զինուոր Միսաքը, երբեմն արձակուրդին, տասը-տասնհինգ օր կու գար տուն, եւ կ’օգնէր իրենց։ Ու այսպէս հողերը մշակեցին. խնձորի ծառեր տնկեցին, թոնիր մը պատեցին։ Նոյնիսկ 12 մեթր խորութեամբ եւ 5 մեթր տրամագիծ ունեցող ջրհոր մըն ալ փորեցին ու պատեցին. ջրհորին ակը քիչ մը տկար էր, եւ Սեպտեմբեր ամսուն գրեթէ կը ցամքէր. բայց ի՞նչ հոգ, իրենց տնային պէտքերուն եւ նոյնիսկ բանջարանոց մը ջրելու կը բաւէր։
Կարեւորը ուրախ եւ երջանիկ էին։
Ժամանակը հասած էր որ Շմաւոնը կարգէր։ Այդպէս կը մտածէր Ոսկի Պօղոսը։
Տունը, կալուածը, թոնիրը եւ ջրհորը պատրաստ էին։ Միայն հարս մը կը պակսէր։
Մեծ տղան՝ Շմաւոնը, հազիւ աւարտած էր զինուորական ծառայութիւնը, մօտակայ շրջանի գիւղերէն յարմար աղջիկ մը գտնելով կարգեց։
Օրերը արագ թաւալեցան, հաշտ ու սիրով էին։ Միսաքը հազիւ աւարտած էր զինուորութիւնը, անոր ալ Հալէպէն հարս մը գտաւ ու պսակեց։ Անոնք իր՝ Ոսկի Պօղոսին, եւ Սառային տան մէջ բնակեցան։ Շմաւոն, որ արդէն երկու զաւակ ունէր, միւս, կից տան մէջ կը բնակէր։
Միսաքը կարգուելէն ետք, քանի մը մանր-մունր վէճեր ունեցան, հայր ու տղաք, հարս-մարս ու կեսուր։
Ժամանակին հետ ըսի-ըսաւները շատցան. Ոսկի Պօղոսը եւ Միսաքը մէկ կողմ, Շմաւոնը միւս կողմ։
Վէճերը այնտեղ հասան, որ ջրհորէն ջրելու-խմելու եւ թոնիրը հաց եփելու համար ամէն օր վէճ կ’ունենային։ Ջուրն ու հացը անհամ կը դառնային։
Կալուածին համար վէճ չունէին։ Թիզ-թիզ, ծառ-ծառ հաւասարապէս ու արդարօրէն կատարուած էր բաժանումը։ Կռուախնձորները՝ ջրհորն ու թոնիրն էին։ Դրացիներն ու թաղեցիք ալ կողմ դարձած էին ու կը մասնակցէին վէճերուն։ Չէ որ երկրին մէջ կը տիրէր ընկերվարական կարգեր, համայնական ու հաւաքական դրութիւններ, ինչպէ՞ս բաժնեկից չըլլային վէճերուն… համայնական, հաւաքական վէճեր, հայկակա՛ն վէճեր։
Դրացիները, երկուստեք «իրաւունք կը բաժնէին»։ «Այո՛, իրաւունք ունիս» նախադասութիւնը, քաջալերական էր երկու կողմերուն։ Այդ նախադասութիւնը բաւական էր որ Պետրոսին, Շմաւոնին եւ Միսաքին ձայները բարձրանային ու հասնէին Տէր Աստուծոյ։ Կիներն ալ կը ձայնակցէին պոռչտուքին։ Մայրը՝ Սառան ալ իրենց կը ձայնակցէր, այն ատեն «ամբոխը կը ստանար պատկառելի երեւոյթ»։
Հարցի լուծման փորձերը գլորուելով գացին հասան գիւղին «երկրագործներուն եւ գիւղացիներուն համագործակցութեան» վարչութեան մօտ (Իթթիհատ Ալ Ֆալահին), անշուշտ անցնելէ ետք գիւղի թաղապետին եւ հոգեւոր հովիւին բովերէն։ Անոնք՝ թաղապետը եւ Պատուելին, չէին յաջողած խօսք հասկցնել անոնց, վիճող կողմերուն, գերդաստանը, յայտնի էր որպէս «սկզբունքային» հարցերուն մէջ կարծրատիպ, չըսելու համար, յամառ գերդաստան։
Համագործակցականի վարչութեան ատենապետը, որ նոյն ատեն դպրոցին վարժապետն էր, քանիցս կանչեց, յորդորեց, խրատեց զանոնք՝ «հայր ու տղայ էք, ամօթ է…», անօգուտ։
Ուստի, համագործակցականի վարչութիւնը, կազմեց հաշտարար յանձնախումբ մը, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետին, եւ վիճող կողմերուն գերդաստանէն Ոսկի Պօղոսին երկու հօրեղբորորդիներուն։ Անոնք ճարահատ գացին թոնիրին եւ ջրհորին վայրը, տեղւոյն վրայ լուծելու հարցը։
Որպէս բանակցութեան եւ համաձայնութեան վայր, նկատի առնուեցաւ Շմաւոնին տունը, սակայն կիներուն բացակայութեան, տղամարդոց վէճին կիները ինչո՞ւ ներկայ պիտի ըլլային։
Որոշուած օրը, կէսօրէ ետք արդէն յանձնախումբը կանգնած էր ջրհորին բերանը։
Թոնիրին հարցը դիւրին լուծուեցաւ։
Կիրակի օրը, Աստուծոյ էր։ Հաց եփել արգիլուած էր։ Իսկ շաբթուան 6 օրերը, երկու կողմերուն, երկու մասի բաժնելով, իւրաքանչիւրը 3 օրեր եփելու իրաւունք ունէր, իւրաքանչիւրը իրարայաջորդ մէկ օր։ Այսինքն մէկ օր՝ այո, մէկ օր՝ ոչ։ Իսկ Կիրակին երկուքին՝ «Ո՛չ»։ Հասկնալի։
Կարգը եկաւ ջրհորին։
Հօրեղբորորդիներէն Վարդգէսը հետը բերած էր 6-7 մեթր երկայնքով, 10×5 սմ. լայնքով ու հաստութեամբ տախտակի ողորկ կտոր մը։ Վիճող կողմերը մէյ մը տախտակին, մէյ մըն ալ Վարդգէսին աչքերուն կը նայէին, բայց չէին յաջողեր լուծել տախտակին հանելուկը։
Ոսկի Պօղոսին մտքէն մէկ անգամ անցաւ, արդեօ՞ք տախտակը իրենց թիկունքին տալո՞ւ, տփելո՞ւ պիտի ծառայէր։ Չէր համոզուած։ Շմաւոնն ալ այդպիսի կասկած մը ունէր… անհաստատ։
Մոռցայ յիշելու, թէ թոնիրը շիկացնելու ցախը պիտի ամբարէին թոնիրին, որ շինուած էր երկու տուներուն միջեւ, տարածութեան մէջտեղ, իւրաքանչիւրը իր տան հանդիպակաց կողմը, եւ անոնց արգիլուած էր իրարմէ ցախ գողնալ. նոյնիսկ փոխ առնել։
Երբ կարգը եկաւ ջրհորին հարցը լուծելու, Վարդգէս, որուն ակնարկին ինկած էին երկու տափակ ու մեծածաւալ, ժայռի մեծութեամբ քարեր, հրամայեց որ այդ մեծ քարերը մօտեցնեն. մէկը Պօղոսը, միւսը Շմաւոնը. ու երկար տախտակը ջրհորին բերանը, ճիշդ մէջտեղը տեղաւորելով հրամայեց, որ տախտակը ամրացուի բերուած քարերով։ Գրպանէն չափը հանելով չափեց հեռաւորութիւնները. տախտակը դրուած էր ճիշդ ու ճիշդ մէջտեղը, ու դառնալով կողմերուն ըսաւ.
– Ինծի լաւ նայեցէք ու մտիկ ըրէք. մէկդ դոյլը տախտակին այս՝ իր տան կողմէն ջրհորին մէջ մխրճելով ջուր կ’առնէ, միւսն ալ միւս կողմէն։ Իւրաքանչիւրը իր դոյլը չուանով կը գործածէ։ Որ իրար դոյլ չգործածէք, տուն տարէք դոյլերը, իւրաքանչիւրը իր տունը։ Յետոյ բացարձակապէս արգիլուած է մէկը միւսին կողմէն ջուր առնելը, ատիկա գողութիւն կը համարուի։ Հասկցա՞ք, ալ կը բաւէ՛. անգամ մըն ալ մեզի այստեղ պիտի չկանչէք։ Կը բաւէ՛։
Ճարահատ համաձայնեցան։ Ու վերջացաւ։
Արդար էր բաժանումը, ու անառարկելի։
Թոնիրը օգտագործելու համար, օրերէն մէկն ալ զիջած էին Տէր Աստուծոյ։
Ալ ի՜նչ կը մնար։
Սո՛ւրճ, բաժակ մը սո՛ւրճ ըմպել՝ Շմաւոնին տան մէջ։
Սուրճը առանց թարմ ու պաղ ջուրի ըմպել չէր ըլլար. ուստի Վարդգէս հրամայեց Շմաւոնին սափոր մը՝ «փարչ» մը պաղ ջուր բերել ջրհորէն։
Շմաւոն, որ շատ գոհ մնացած էր արդար բաժանումէն, համարեա՛ վազելով շտապեց դուրս, եւ դոյլը հետը տանելով, իր կողմէն մխրճելով դոյլը ջուրին մէջ, զայն վեր քաշելով լեցուց փառչը (փոքր կուժ)։ Տուն մտնելով, բաժակ մը լեցուց պաղ ջուրէն ու երկարեց Վարդգէս հօրեղբօր։ Հօրեղբայրը բռնեց բաժակը, մօտեցուց դէմքին, բայց փոխանակ ուղղակի խմելու, բաժակը աւելի մօտեցուց քթին, խոր շունչ մը առնելով, խորունկ հոտոտաց ու հոտոտաց ու դառնալով Շմաւոնին ըսաւ.
– Տօ՛, Շմաւո՛ն, սուտ չխօսիս հա՛, այս ջուրը քո՞ւ, թէ հօրդ կողմէն քաշելով բերած ես։ Սուտ չխօսիս հա՛, ես հոտը առած եմ։ Գիտե՛մ։
– Վարդգէս հօրեղբա՛յր։ Ինչի՞ վրայ կ’ուզես երդնում. խա՛չ վկայ, իմ կողմէս բերի, սուտ չեմ խօսիր կոր։ Իմ կողմէս է, իմ կողմէս։
Այնքան նեղացած էր որ որպէս առանձին ջրհորէն ջուր քաշած ըլլալու ուրախութիւնը (յետ արդար բաժանումին), գլուխէն թռցուց Վարդգէս հօրեղբայրը։
Ինչ որ է. Վարժապետ-ատենապետը մթնոլորտը փոխելու համար զրոյցը այլ տեղ տարաւ ու խօսեցան հին, անվերադարձ ու երանի օրերէն քիչ մըն ալ նորերէն, ու այսպէս մինչեւ որ իրիկունը իր գորշ վարագոյրը իջեցնելու պատրաստուեցաւ։
Յանձնախումբը գոհունակ, վիճողները գոհունակ ճամբայ ելան դէպի մօտակայ բլուր, որուն ետին կը գտնուէին անոնց բնակարանները։ Երկար զարիվեր մը բարձրանալով հասան գագաթին, ուր փոքր, ազատ շունչ մը քաշեցին։
Վարդգէս՝ արդար բաժանումին հերոսը, գոհունակ հայեացքը ետ դարձուց, դիտելու համար Ոսկի Պօղոսին եւ Շմաւոնին նորաշէն թաղը, ներքին ինքնաբաւութեամբ։
Սահմռկած քարացաւ հայեացքը։
Շմաւոն, օգտուելով յանձնախումբին մեկնումէն եւ հօրը բացակայութենէն, շուտափոյթ տունէն բերած էր իր դոյլը եւ արագ-արագ, հեւ ի հեւ իր դոյլը կը մխրճէր ջրհորին մէջ, տախտակով բաժնուած հօրը կողմէն ու լեցուած դոյլը իր կողմը կը պարպէր։
Չէ՞ որ խօսք տուած էր խարդախութիւն չընել։ Արդար եղած էր ջրհորին բաժանումը։
Կարօ Վ. Մանճիկեան
Աղբիւր- «Գանձասար Բացառիկ-2020»