Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը իր զինուորական գործողութիւնները սաստկացուց Հալէպի արեւմտեան արուարձանին մէջ գտնուող “Ճապհաթ ալ Նուսրա”ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ, ազատագրելով Հալէպի արեւմտեան եւ հիւսիս արեւմտեան շրջաններու Հայյան, Հրէթան, Անատան, Պեանուն, Լերամուն, Քաֆար Համրա, Քաֆար Տաաէլ, Մանսուրա, Թալ Շուէհնէ, Հալաքիմ, Ճամաիաթ Զահրաա, Մաարաթ Արթիք եւ Շանթարա գիւղերն ու արդարադատութեան պալատի շրջանը, ինչպէս նաեւ Իտլիպի Խան Շէյխունի հիւսիսային Ռաքայա գիւղը։

Այս պահուն Հալէպի փողոցները յաղթանակի տօնակատարութիւններով ողողուած են։