14 Փետրուարին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նամակ յղեց Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար ալ Ասատին՝ հայ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի միաձայնութեամբ ընդունման համար։

«Մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւններու դատապարտումը եւ ժխտողականութեան մերժումը ամուր երաշխիք է կանխարգիլելու կրօնական եւ ազգային խտրականութեան պատճառով նոր ցեղասպանութիւններն ու ոճրագործութիւնները եւ կառուցելու խաղաղ ու համերաշխ աշխարհ։

Սուրիոյ ժողովուրդը այսօր վերահաստատեց աւելի քան 100 տարի առաջուան յանձնառութիւնն ու վճռականութիւնը իր նախնեաց, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան դժնդակ տարիներուն ապաստան տուին հայրենազրկուած ու տարագրուած մեր ազգի զաւակներուն։ Տէր Զօրի անապատին մէջ տասնամեակներ առաջ, Ձեր բարեյիշատակ հօր՝ Հաֆեզ ալ Ասատի նախագահութեան շրջանին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կառուցումը դարձաւ հերթական արձանագրումը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Սուրիոյ իշխանութիւններուն որդեգրած կեցուածքին։ Վերջերս բազմիցս ականատես եղած ենք Ձեր եւ Ձեր ժողովուրդի ընդգծուած բարեհոգութեան ու ուշադրութեան առ մեր ժողովուրդը, որոնց խօսուն արտայայտութիւնն են Սուրիոյ հողին վրայ վեր խոյացած հայկական սրբավայրերը, մշակութային եւ կրթական հաստատութիւնները, սուրիահայ համայնքի բարեշէն կեանքի բազմաթիւ վկայութիւնները», ըսուած է վեհափառ հայրապետի նամակին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը, զօրակցութիւն յայտնելով Սուրիոյ բարեպաշտ ժողովուրդին, մաղթած է, որ երկրէն ներս հաստատուի բաղձալի խաղաղութիւնն ու անդորրը եւ իրականութիւն դառնան դժուարութիւններ յաղթահարող եղբայր ժողովուրդի պայծառ կեանքի երազները: