«Արմէնփրէս».-Լիթվիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքեւիչիուս հայերէնով  պատասխանած է Լիթվիոյ անկախութեան տօնին առիթով Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան շնորհաւորանքին:

«Շնորհակալ եմ, սիրելի ընկերներ: Լիթվիացիները եւ հայերը կը բաժնեկցին անկախութեան եւ ժողովրդավարութեան հանդէպ յարգանքը», գրած է նախարարը:

Թուիթըրի վրայ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական էջը շնորհաւորանք  հրապարակած էր` նուիրուած Լիթվիոյ անկախութեան տօնին. «Լիթվիոյ անկախութեան տօնին առիթով կը շնորհաւորենք մեր գործընկերները ու Լիթվիոյ բարեկամ ժողովուրդը: Հայաստան բարձր կը գնահատէ Լիթվիոյ հետ յարաբերութիւնները եւ կ’ակնկալէ պահպանել ու խորացնել քաղաքական երկխօսութիւնը` յանուն մեր ժողովուրդներու բարօրութեան», նշուած էր յայտարարութեան մէջ: