«ԵրկիրՄետիա».-Ուքրանիոյ խորհրդարանէն ներս` Գերագոյն Ռատայի մէջ, գրանցուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու որոշման նախագիծ: «AnalitikaUA.net», «ժողովուրդի Ծառայ» Կուսակցութենէն կը յայտնեն, որ Ուքրանիոյ ժողովրդական պատգամաւոր Տարիա Վոլոտինայի օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու մասին գրանցուած է 14 Փետրուարին 14-ին (№ 3070, 02/14/2020):
Ուքրանիոյ հայերու միութեան ղեկավար Վիլեն Շատուորեան իր մեկնաբանութեան մէջ պատգամաւորին նախաձեռնութիւնը անուանած է կարեւոր քայլ, որ կը վկայէ մարդասիրութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան գաղափարներու հետեւողական հաւատարմութիւնը: