Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2020-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ազգային պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատան (Դամասկոս) եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Սուրիոյ դեսպան տիար Տիգրան Գէորգեանի հետ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը, Ազգային Վարչութեան ատենապետը, Սուրիոյ խորհրդարանի Երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ու թեմիս ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ։

ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեան ջերմօրէն ողջունեց սրբազան հայրն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Բարի գալուստի խօսքերէն ետք, անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման երախտարժան քայլին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան, հայ ժողովուրդին ու սուրիահայութեան Սուրիոյ խորհրդարանին եւ երկրի վսեմաշուք նախագահ Պաշշար ալ Ասատին ուղղած ողջոյնի խօսքերուն:

Կողմերը լուսարձակի տակ առին սուրիական բանակին յաղթանակները, յատկապէս Հալէպի ազատագրման ուրախալի իրադարձութիւնը, դիտել տալով, որ ազատագրուած Հալէպն ու անոր պայքարունակ ժողովուրդը աստիճանաբար պիտի վերագտնեն իրենց երբեմնի աշխոյժ կեանքը:

Զրուցակիցները վերյիշեցին տագնապի օրերուն պրն. Տիգրան Գէորգեանի Հալէպ գտնուիլը եւ պատերազմի տարիներուն ՀՀ Սուրիոյ Դեսպանութեան եւ Հիւպատոսութեան բաց պահուիլն ու շարունակուող գործունէութիւնը:

Անոնք կարեւոր համարեցին Հայաստանին, հայ ժողովուրդին ու սուրիահայ համայնքին մասնակցութիւնը Սուրիոյ վերկանգնումի աշխատանքներուն: