Հայկական տօներէն ամէնէն ցնծալին Բարեկենդանն է: Անիկա կը յաջորդէ Ս. Սարգիսի տօնին եւ կը տեւէ մինչեւ Մեծ պահքի նախօրեակը:
Բարեկենդանի սեղանը ընդհանրապէս առատ կ’ըլլար մսեղէնով, յագեցած կերակրատեսակներով եւ խմիչքով: Այս իսկ պատճառով Բարեկենդանը երգերու մէջ կ’անուանէին նաեւ «փորեկենդան»:
Բարեկենդանի տօնի աւանդական ճաշատեսակներէն են փաթիլլան (պանիրով կամ միսով տապկուած խմորեղէն), ամիճը (լեցուած հաւ կամ հնդկահաւ), բխբխիկը (տապկուած անուշեղէն), հալվան, փախլաւան, սըռոնը (թանապուրի մէջ եփած խմորէ գնդիկներ), թանապուրի տեսակները, ձուածեղներ, սեմսեկը (միսով խմորեղէն), գաթաներու տեսակները, աղանձը, փոխինձը, ինչպէս նաեւ՝ կոլոլակները, խորովածներն ու խաշլաման:
Վարանդայի մէջ Մեծ պահքին նախորդող վերջին շաբթուան ընթացքին կերակրատեսակներու քանակը օրէ օր կ’աւելնար եւ Կիրակի օրը կը հասնէր 12-ի: Հիմնական կերակրատեսակները խորովածներն էին՝ հաւով, գառնուկի եւ հորթի միսով:
Բարեկենդանին, ինչպէս մնացեալ տօներուն, կը պատրաստէին նաեւ հարիսա:
Կեսարիոյ մէջ Բարեկենդանի Կիրակին կը կոչուէր «Քեպապի Կիրակի»:
Վանի մէջ կանայք Ուրբաթ օրը մածուն կ’ուտէին, որ քիչ քանակով սնունդ ստանան ու նախապատրաստուին ճոխ սեղաններու:
Մարաշի մէջ Բարեկենդանի Երկուշաբթին կը կոչուէր Աղուհացի Երկուշաբթի կամ Հարբծատօն: Այդ օրը կ’եփէին թթու ապուր, իսկ մնացած բոլոր օրերու գլխաւոր կերակրատեսակը քիւֆթէն էր:
Քաղցրեղէնի պարագային նախապատուութիւնը կը տրուէր մեղրով հալվային (հրուշակ), չամիչով գաթային:
Երզնկայի մէջ Բարեկենդանի Կիրակի օրը հացին փոխարէն գաթայ կ’ուտէին: Այդ օր կաթնեղէն կը գնէին, իսկ երեկոյեան կը նստէին առատ ընթրիքի: