«Երկիր».-19 Փետրուարին, ատրպէյճանական կողմին խնդրանքով, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անժէյ Քասպրչիքի միջնորդութեամբ եւ ԿԽՄԿ-ին աջակցութեամբ, Մովսէս գիւղին մէջ, ՀՀ Զինեալ ՈՒժերու եւ Ատրպէյճանի ԶՈՒ միջդիրքային տարածքին ատրպէյճանական ականազերծման խումբին կողմէ իրականացած են օրեր առաջ անյայտ հանգամանքներով կորսուած ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողի որոնման աշխատանքներ:
Աշխատանքներուն հետեւանքով, ատրպէյճանական դիրքերէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ յայտնաբերուած եւ տարհանուած է ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողին դիակէն մասեր:
Հայկական կողմէն թոյլատրուած գործողութեան ողջ ընթացքին ատրպէյճանական որոնման խումբին աշխատանքներուն համար ապահովուած են անվտանգութեան բոլոր պայմանները: